«Դարերու Վրէժը». «Նեմեսիս»-ի 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

20 ապրիլ 2021-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարերու վրէժը» խորագիրով պատմագեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 100-ամեակին եւ Հայ դատի արդար պայքարի միւս մարտիկներուն:

Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ արժեւորեց Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները հրապարակային ձեւով պատժելու գործողութիւնը եւ նկատել տուաւ, որ հայ ազգի վրէժի ու հայրենիքի կարօտի ընթացքը կը շարունակուի նաեւ այսօր:

Երեկոյին ընթացքին խօսք առաւ Դրաստամատ Կանայեանի թոռնուհին` Իրինա Կանայեան: Ան ներողութիւն խնդրեց, որ սահուն հայերէն չի խօսիր, որովհետեւ ծնած է Սիպերիոյ մէջ, ուր աքսորած էին Դրոյին ընտանիքը:

Դրոյի թոռնուհին ըսաւ, որ ընտանիքը պահպանած է Դրոյի որոշ նամակներ, նկարներ, իրեր: Ան նամակներէն որոշ հատուածներ կարդաց բեմէն:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ հայ վրիժառու Արտաշէս Գէորգեանի թոռը` Արմէն Գէորգեան: Արտաշէս Գէորգեան 21 յուլիս 1922-ին իր ընկերներուն` Պետրոս Տէր Պօղոսեանի եւ Ստեփան Ծաղիկեանի հետ Թիֆլիսի մէջ սպաննած է Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն մէկը` Օսմանեան կայսրութեան ռազմածովային նախարար Ճեմալ փաշան:

Երեկոյին ընթացքին տեղի ունեցաւ Նեմեսիսի եւ Լիզպոնի գործողութիւններուն նուիրուած կարճ ժապաւէններու անդրանիկ ցուցադրութիւն, ներկայացուեցան յուշեր, հնչեցին հայրենասիրական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ կարդացուեցաւ Դրաստամատ Կանայեանի անտիպ նամակը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.