Դամբանական հալէպահայ նահատակներու հոգեհանգիստին առիթով

Սիրելի՛ հարազատներ, ընկերներ,

Պարզապէս մահախօսական մը չէ որ կ’ուզեմ ընթերցել այսօր իմ երդուեալ ընկերներուս նահատակութեան քառասունքին առիթով։ Մխիթարանքի խօսք չեմ ուզեր արտայայտել, որովհետեւ մեր հերոսները՝ Յարութը, Յակոբն ու Մոսիկը իրենց քաջութեամբ, զոհողութեան ոգիով մեզ ներշնչեցին հպարտութիւն, ազգային մեր իրաւունքներուն մեր կեանքին գնով տէր կանգնելու արիութիւն, մեզի պատգամեցին չընկրկիլ, չյուսահատիլ, իւրաքանչիւր անելի դիմաց ըլլալ հնարամիտ, ելք մը որոնել ու շարունակել մեր ազգային իղձերու իրականացման, մեր գոյապայքարի երկար, փշոտ, բայց կայուն ճամբան։

Անոնք մեզ պիտի չուզէին տեսնել ընկրկած, իրենց նահատակութեամբ հպարտութիւն պիտի ուզէին դրոշմել մեզմէ իւրաքանչիւրին ճակտին, այնպէս ինչպէս իրենք օծուեցան նահատակութեան փառքով ու Արարատին դիմաց յաւերժացան կողք-կողքի։

Յարութ Բանոյեանը, Յակոբ Ասթարճեանն ու ընկեր Մոսիկ Սեքլէմեանը նահատակուեցան  5 Նոյեմբեր 2020-ին Շուշիի պաշտպանութեան ընթացքին։ Թշնամիին գնդակն էր կրկին, որ հայ ժողովուրդէն անարգաբար կը խլէր ինչպէս հազարաւոր նուիրական տղաները, անձնուրաց ֆետայիները, այնպէս ալ մեր գաղութի գաղափարապաշտ հերոսները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը Արարատ մը ունէր իր սրտին մէջ, հիւլէ մը ունէր Քրիստափորի տաղանդէն, միւռոն մը՝ Զաւարեանի սրբութենէն, եւ բջիջ մը՝ Ռոստոմի մեծութենէն, Շուշիի բարձունքներու վեհութեան պէս վեհանձն հոգի մը, եւ անոր օդին պէս մաքուր նկարագիր։

Մէկ ժողովուրդի, մէկ հայրենիքի գաղափարին կը հաւատային ու իրենց օրինակով հաստատեցին, որ հայութեան ուժը իր միասնական պայքարին մէջ է, ուր որ ալ գտնուին անոր զաւակները պիտի պայքարին մէկ ժողովուրդի, մէկ ազգի իրաւունքներուն համար, Արցախ, Հայաստան, թէ Հալէպ։

Նահատակութեամբ անոնք շատ բան ըսին, մէկէ աւելի պատգամներ փոխանցեցին։ Նայեցէք անոնց պատկերներուն եւ դուք պիտի զգաք վճռակամութիւն եւ մշտանորոգ յոյս։

Ընկերներս կուգային ազգայնաշունչ ընտանիքներէ, անոնց հայրերն ու մայրերը հերոսներ դաստիարակած էին, ոչ թէ սոսկ զաւակներ։ Իսկ դաշնակցական դպրոցին մէջ անոնց արիութիւնը պսակուեցաւ գաղափարական շունչով, կազմակերպ աշխատանքի ու հայրենասիրութեան հունով։

Մեր նահատակները պատուաբեր դպրոցի մը ուղին բռնած էին, դպրոցի մը, ուր կրնան յաճախել ազնուասիրտ ու գաղափարապաշտ տղաները միա՛յն:

Այս առիթով նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ, չափահասներ ու երէցներ կրնան հարց տալ, թէ ինչպիսի՞ միջավայրի կամ մթնոլորտի մէջ կրցած էին անոնք կուտակել այսքան քաջութիւն, այսքան նուիրում։ Գաղտնի՞քը, սիրելիներ, այնքան պարզ է ու յստակ։

Գաղտնիքը պէտք է փնտռել ազգասէր ծնողքի, հայկական վարժարանի, հայաշունչ ակումբի եւ հայատրոփ միջավայրի մէջ, ահա այն գերագոյն ճշմարտութիւնը, որուն արժէքը պէտք է փոխանցել նորահաս սերունդներուն, որպէսզի Յարութին, Յակոբին ու Մոսիկին հոգիները անվերջ թեւածեն մեր մէջ։

Մեր հերոս ընկերները իրենց անձնուէր զինուորականի ճամբան սկսած էին Սուրիոյ պատերազմի առաջին իսկ օրերէն, հայկական թաղամասերը պաշտպանելով, լաւ գիտակցելով մայր գաղութի կարեւորութիւնը: Մինչեւ զինեալներուն մեր շրջանէն հեռանալը ամուր պահած էին իրենց դիրքերը, վստահութիւն ներշնչելով շրջանի բնակիչներուն:

Արցախեան պատերազմի առաջին իսկ օրերէն արեան կանչը զիրենք ուղղեց կռուի դաշտ, իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին կռուելու, շարունակելու իրենց առաքելութիւնը սուրբ հողին վրայ:

Ամէն մէկը մէկ օճախի լոյս, թողելով ամէն ինչ՝ ծնողք, քոյր, կին իր երիտասարդ կեանքը դրաւ Հայրենիքի զոհասեղանին:

Մոսիկը, Յակոբը եւ Յարութը կռուեցան եւ նահատակուեցան զէն ի ձեռին, ուս ուսի, հայրենի հողին համար, հաւատարիմ մնալով իրենց երդումին։

Անոնց յաճախ կը կրկնէին, որ եթէ մահուան վտանգին դէմ յանդիման գան, պատիւով պիտի նահատակուին ու թաղուին Արարատին դիմաց, Եռաբլուրին մէջ, ուր իրենց աճիւնները պիտի հանգչին իրենց հերոս ընկերներու աճիւններուն կողքին,  հայրենի հողին մէջ, ու այդ հողէն պիտի բացուին լոյսի  հորիզոններ, որոնք իբրեւ փարոս մեր ազգին ընտիր զաւակներուն պայքարի ճամբան պիտի լուսաւորեն։

Մեր նահատակ զաւակները դափնեպսակներով չվերադարձան դժբախտաբար, սակայն անոնք իրենց օրինակով ցոյց տուին, որ տիրութիւն պէտք է ընել հայրենիքին ամէն պարագաներու մէջ, առանց յանձնուելու, միշտ պայքարի նոր ձեւեր ու միջոցներ գտնելով։

Ընկեր Յարութը նախորդ տարի պարգեւատրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ձեռամբ «Հայրենիքին համար մատուցած ծառայութիւններու» մետալով։ Յետ նահատակութեան արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մարտական Խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանին եւ Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական Խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանին։

Ընկեր Յակոբ Ասթարճեան եւ Մոսիկ Սեքլէմեան արժանացան Հայաստանի Հանրապետութեան «Արիութեան» մետալին։

Այս առիթով մեր շնորհակալական խօսքը կ’ուղղենք ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան, որ արժանավայել շուքով կատարեց անոնց յուղարկաւորութիւնն ու նահատակ մեր ընկերներուն մարմինները, ի պատիւ մեր ժողովուրդին, թաղեց հերոսներու պանթէոնին՝ Եռաբլուրին մէջ։

Եռաբլուր, երեք միացած բլուր, ուր մեր երեք հերոսներուն աճիւնները հազարաւոր նահատակներու աճիւններուն հետ միաձուլած բլուր։ Թող մեր նահատակներուն արիւնը ընթերքդ օրհնէ ու քեզ դարձնէ յաղթանակի բլուր. մեր մայրերը թող չողբան այլեւս, սեւ չյագնին այլեւս, ինչպէս կ’ըսէր Յարութը, այլ անոնց յիշատակով ամրացած նոր կեանքերու ծնունդ տան, յաղթանակի պսակներ տեղադրեն հայութեան ճակտին։

Փառք ձեր անմեռ յիշատակին, հերոս ընկերներ։

ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԶ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.