Գէորգի Պետրոսեան. «Յարգել Եւ Գործադրել Արցախի` Ի Վերուստ Սահմանուած Անառարկելի Իրաւունքները»

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ակնկալուող` Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան մասին զրուցած է ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Գէորգի Պետրոսեանին հետ, որ անդրադարձած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան` համանախագահներու հաւանական այցելութիւն շրջան, այդ կարգին նաեւ Ստեփանակերտ:

ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն ընդգծած է, որ յայտնի հանգամանքներու բերումով` աւելի քան միամեայ բացակայութենէ ետք ողջունելի է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը վերջապէս Արցախ այցելելու վերաբերեալ որոշում տուած է: «Նախ կարեւոր է, թէ ի՞նչ ճամբով համանախագահները պիտի հասնին մայրաքաղաք Ստեփանակերտ», յայտնեց ան:

Հարցազրոյց վարող լրագրողը մատնանշած է, որ 24 սեպտեմբերի յայտարարութեան մէջ համանախագահները «վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` շարունակել աշխատանքը կողմերուն հետ` գտնելու արցախեան տագնապին վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր մնացեալ խնդիրներուն համապարփակ լուծումներ` համաձայն իրենց իրաւագրութեան»` հարց տալով, թէ ի՞նչ կը նշանակէ վերջին ձեւակերպումը:

Պատասխանելով հարցումին` Գէորգի Պետրոսեան ըսած է. «Նախ` մենք կ՛արձանագրենք, որ, ըստ համանախագահներուն, Արցախի տագնապը տակաւին լուծուած չէ` հակառակ անցած տարուան պատերազմի արդիւնքին:

«Դրական է, որ համանախագահութիւնը կը փորձէ տագնապի լուծման  համար համապարփակ լուծումներ փնտռել: Բայց հարց կը յառաջանայ, թէ որո՞նք են, այսպէս կոչուած, «մնացեալ խնդիրները»: Բանը այն է, որ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները միայն արցախեան տագնապով չէ, որ կը սկսին եւ կ՛աւարտին: Արցախեան տագնապն ալ, իբրեւ այդպիսին, կը բխի հայութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութենէն եւ այդ քաղաքականութեան դրսեւորումներէն մէկն է:

«Պէտք է նաեւ հասկնալ, թէ այդպիսի մօտեցումի շրջանակներուն մէջ համանախագահութիւնը արդեօք գործուն քայլեր պիտի ձեռնարկէ՞ յարձակողապաշտութեան արդիւնքները վերացնելու համար, այդ կարգին` Արցախի մէջ եւ Արցախէն դուրս տեղահանուած անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով», պատասխանեց Պետրոսեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կարելի է ակնկալել համանախագահներու յառաջիկայ այցելութենէն` ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց. «Անկախ այցելութեան անմիջական արդիւնքէն` արցախեան տագնապի վերջնական լուծման շնորհիւ պիտի յարգուին եւ գործադրուին Արցախի` ի վերուստ սահմանուած անառարկելի իրաւունքները»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.