ԳԱՐՕԼԻՆ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Մոնթրէալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն «Մոնթրէալ Շարժում» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած շարք մը թեկնածուներուն մէջ ներառուած է Մոնթրէալահայ Գարօլին Արսլանեանը:

Նոյեմբեր 6-7 կայանալիք ընտրութիւններուն, Գարօլին Արսլանեանը առաջադրուած է Իլ Պիզար ընտրատարածքի Սէն Ժանւիէւ շրջանի քաղաքապետակական թեկնածու։

Գարօլին Արսլանեան ծնած է Մոնթրէալ: Աւարտած է Պէրքլիի երաժշտական դպրոցը (Berklee College of Music) եւ տասը տարիներէ ի վեր քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ Մոնթրէալի մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.