Գանատացի նախարարները ծանօթացան սուրիահայ Շուշի Պագարեանի պատմութեան

Սուրիահայ այլ հայրենակիցներու նման երիտասարդ գիւտարար Շուշի Պագարեանը նոյնպէս պատերազմի ոդիսականի բովէն անցած է։ Այսօր, Մոնթրէալ հաստատուած Շուշին հիմնած է սաւառնագիտութեան Stratos Aviation ընկերութիւնը եւ միաժամանակ գիւտարարն է օդանաւերու մէջ ուժանիւթ արտադրող Ventus սարքին։

Յունուար 16-ին, Գանատայի զբօսաշրջութեան նախարար Մելանի Ժոլի եւ ներգաղթի նախարար Ահմէտ Հուսէյն Մոնթրէալի մէջ հանդիպեցան Գանատա ներգաղթած սուրիացի երիտասարդներու հետ եւ ծանօթացան անոնց պատմութեան ու գանատական փորձառութեան։ Անոնք իրազեկ դարձան նաեւ Շուշիի փորձառութեան մասին եւ շնորհաւորեցին գիտութեան մէջ արձանագրած իր յաջողութեան առիթով։

Անջրպետային երկրաչափութեան ուսանող Շուշին կը յաճախէ Գոնգորտիա համալսարանը։ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական խմբապետուհի է եւ գործօն անդամ Մոնթրէալի հայ համայնքին մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.