Գանատայի Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնարարքները եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերու ջանքերով, Չորեքշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը դատապարտեց Ատրպէյճանի զինեալ յարձակումներն ու բանեցուցած բռնութիւնները Արցախի վրայ, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով  գանատահայ համայնքին եւ ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին, կոչ ուղելով ատրպէյճանական իշխանութեան՝ անսալ ԵԱՀԿ-ի Մինսկ խմբակի,  Հելսինկեան եզրափակիչ սկսզբունքներու եւ մարդկային իրաւանց դրոյթներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.