Գանատայի մարդկային իրաւունքներու թանգարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը յուշագիր պիտի ստորագրեն

Վաղը, 12 Դեկտեմբեր 2018-ին, «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամը եւ Գանատայի մարդկային իրաւունքներու թանգարանը (ԳՄԻԹ) պիտի ստորագրեն Փոխըմբռնման յուշագիր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամը:

Յուշագիրը պիտի ստորագրեն «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը եւ Գանատայի մարդկային իրաւունքներու թանգարանի նախագահ Ճոն Եանկը՝ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարին եւ ստորագրող կողմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:

Երկու կառոյցներն ալ, իրենց գործունէութեան որպէս հիմք ունենալով մարդկային իրաւունքներու խթանումը, յարգանքը այլոց հանդէպ, կրթութեան, երկխօսութեան միջոցով հաշտեցումը, շեշտած են այս հարցերուն առնչութեամբ իրենց ջանքերու համատեղումը եւ նախաձեռնած են Փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրում, որ հնարաւորութիւն կրնայ տալ շատ մը հարցերու գծով համատեղ հանդէս գալու եւ, ի հարկէ, ունենալու համագործակցութեան լուրջ ոլորտներ:

Յուշագիրը հնարաւորութիւն կու տայ ունենալու ինչպէս կրթական, գիտական, թանգարանային համագործակցութիւն, այնպէս ալ միջթանգարանային միջոցառումներու կազմակերպման հնարաւորութիւն՝ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու կազմակերպում, փոխանակում եւ այլն:

Յուշագիրը կողմերուն կը շնորհէ բացառիկ հնարաւորութիւն՝ համագործակցելու նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան, Մարդկային իրաւունքներու ուսումնասիրութեան, գիտական նիւթերու ու փորձառութեան փոխանակման բնագաւառին մէջ:

Փոխըմբռնման յուշագիրը գործադրութեան կը դրուի ստորագրութեան թուականէն սկսեալ՝ հինգ տարուան ժամկէտով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.