Գանատայի ՀՕՄ-ը 10 Անկողին կը նուիրէ Հայաստանի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին

Յունուար 22-ին, Գանատայի ՀՕՄ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեա­ն ատենապետ ընկհ. Անի Օհանեան «Հորիզոն»ի խմբագրութեան փոխանցեց, թէ Գանատայի ՀՕՄ-ի շրջանը որոշած է աջակցիլ Ե­րե­ւա­նի թիւ 1 ­Հի­ւան­դա­նո­ցի ­Հաշ­ման­դամ Զինուոր­նե­րու ­Վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան ­Կեդ­րո­նին, որ խիստ կա­րիք ու­նի յա­տուկ ան­կո­ղին­նե­րու:­

Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը ծրագ­րած է նո­րոգուած այս ­Կեդ­րո­նին 50 հատ յա­տուկ ան­կո­ղին­ նո­ւի­րել, աշ­խար­հաս­փիւռ իր միա­ւոր­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ: Ծ­րագ­րի նա­խա­հա­շիւն է 85.000 տո­լար, իւ­րա­քան­չիւր ան­կո­ղի­նի ծախ­սը՝ 1700 ամ. տո­լար:

Գանատայի ՀՕՄ-ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած է մաս­նակ­ցիլ վե­րոնշեալ ծրագ­րին եւ 10 անկողին ապահովել Հաշ­ման­դամ Զինուոր­նե­րու ­Վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան ­Կեդ­րո­նին համար։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.