Գանատայի Հայոց Թեմը կը շարունակէ Արցախահայութեան մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրը

Բարձր հովանաւորութեամբ Գերարաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, մարդասիրական օժանդակութիւնները կը շարունակուին՝ տեղահանուած Արցախահայութեան բարօր կեանքին համար։
Առ այդ, համագործակցութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանը մարդասիրական օժանդակութիւն ղրկեց Երեւան, որպէսզի Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը Փետրուար ամսուն տրամադրէ տեղահանուած Արցախահայութեան։
Այս առթիւ, յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տէր եւ Տիկին Արեգ եւ Քրիստին Մարգարեաններուն, Տէր եւ Տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններուն, Դեղագործ Տիկին Սեդա Մարաշլեանին եւ իր ընտանիքին, Բժիշկ Պարոյր Թուխմանեանին, ինչպէս նաեւ Տիկին Քրիսթին Գանու Մեթզին, որոնք մարդասիրական պիտոյքներ նուիրեցին, որոնք արդէն իսկ Երեւան հասան՝ Արցախահայութեան կարիքներուն համար։
Մեր գնահատական խօսքը կը փոխանցենք նաեւ Տիկիններ Ռիթա Ադդալային, Թամար Ապրաքեանին, Մարիա Քէօսէեանին, Օրիորդ Վանա Գարայեանին, Պրն. Կարի Մինասեանին եւ Պրն. Աբրահամ Թռթրեանին, որոնք սիրայօժառ օժանդակեցին մարդասիրական իրերու դասաւորման աշխատանքին։
ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.