Գանատայի կառավարութեան յստակօրէն փոխանցած ենք որ Արցախի հարցը փակուած չէ. Հարցազրոյց Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պէլեանի հետ
607
0
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարարին հետ յաճախ կը քննարկէ արցախեան հարցը։ Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով յայտնեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան։
«Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը յաճախ հանդիպումներ կ’ունենայ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարարին հետ։ Եւ վերջերս նախարարը հերթական հանդիպում կազմակերպած էր, որուն ներկայ էր նաեւ յանձնախումբը։ Հանդիպումներուն ընթացքին շատ հարցեր քննարկուեցան, բայց հիմնական քննարկումները արցախեան հարցի, արցախահայերուն եւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին էին։ Անցնող երկու ամիսներուն մենք հանդիպած ենք նախարարին եւ ընդգծած, որ Գանատա տեղի չտայ Ատրպէյճանի պնդումներուն, թէ արցախեան հարցը լուծուած եւ փակուած է, քանի որ այդպէս չէ», յայտնեց Պէլեան։
Անոր փոխանցմամբ՝ Գանատա ՀՀ իշխանութեան կոչ կ’ընէ պաշտպանելու արցախահայերուն իրաւունքները, քանի որ անոնք ինքնորոշման իրաւունք ունին։
«Մեր հետեւողականութեան շնորհիւ այսօր Գանատան այն քիչ պետութիւններէն է, որ կը շարունակէ իր պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ նշել, թէ արցախեան հակամարտութիւնը աւարտած չէ։ Գանատա յստակ պատգամ փոխանցած է, ըսելու որ բանակցուած քաղաքական կարգաւորում տեղի չէ ունեցած։
Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս ԱՄՆ կամ այլ ազդեցիկ երկիրներ կը պնդեն, թէ դէմ են ռազմական ուժին, բայց ատոնք միայն խօսքեր են, անոնց կողմէ որեւէ պատժամիջոցներ չեն կիրարկուիր։ Այս առումով, ճիշդ է, որ Գանատա եւս սահմանափակումներ չէ կիրառած, բայց յստակ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է՝ պատգամ ուղելով թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի։ Գանատա կոչ կ’ուղղէ, որ ՀՀ իշխանութիւնները բարձրաձայնեն եւ պաշտպանեն արցախցիներուն իրաւունքները։ Այս ժողովուրդը ունի ինքնքորոշման իրաւունք, զոր ցաւօք խլած են իրենցմէ», եզրափակեց Պէլեան։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.
Comments are closed.