Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ալեքսանտր Պուլրիս կառավարութեան կոչ կ՚ուղղէ Արցախի առնչութեամբ ճնշում գործադրելու

Գանատայի խորհրդարանի Մարտ 7-ին կայացած նիստի ընթացքին, ընդդիմադիր Նոր Դեմոկրատական կուսակցութեան փոխ ղեկավար Ալեքսանտր Պուլրիս յայտարարեց, թէ այդ օրը կը նշէ Արցախը Հայաստանին կամրջող Լաչինի միջանցքի շրջափակման 85-րդ օրը, եւ թէ Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած շրջափակումը Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայերուն ենթարկած է առողջապահական խնամքէ, սնունդէ եւ դեղորայքէ զրկուած իրավիճակի մը: Ան նշեց, որ կացութիւնը դատապարտած են Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը, Amnesty International-ը եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը: Ան կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան յաւելեալ եւ ազդու ճնշում գործադրել՝ կանխելու համար Արցախի 120,000 հայ քաղաքացիներու մարդասիրական ճգնաժամը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.