Գանատայի խորհրդարանի անդամներ կը դատապարտեն ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը եւ կը զօրակցին Հայաստանին ու Արցախին

Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի ծաւալած ռազմական գործողութիւններուն եւ յարձակումներուն առաջին իսկ վայրկեաններէն, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին ու շրջանային յանձնախումբերու տարած ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամներ դատապարտեցին ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու բռնութիւնները։

Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան Խորհրդարանի անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ, յանուն խորհրդարանի Գանատա-Հայաստան խմբակցութեան, խստօրէն դատապարտեց ատրպէյճանական բռնարարքները:

Խորհրդարանի Ազատական անդամներ՝ Հան Տօնկ, Ճին Եիփ, եւ  Անի Գութրաքիս նոյնպէս դատապարտեցին Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու բռնութիւնները:

Գանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր Պահպանողական Կուսակցութեան անդամ Մայքլ Չոնկ, յանուն Պահպանողական Կուսակցութեան, մտահոգութիւն յայտնեց եւ շեշտեց Արցախի ինքնորոշման գծով իր կուսակցութեան աջակցութիւնը: Երեսփոխան Կարնէթ Ճինըս եւս շեշտեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութիւնը, իսկ նոյն կուսակցութեան  Խորհրդարանի անդամ Պապ Սարոյա խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ վարքագիծը:

Ընդդիմադիր «Նոր Դեմոկրատ» կուսակցութեան փոխ նախագահ Ալեքսանտր Պուլըրիսն ու Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան քննադատ Սթեֆան Պէրկերոնը  նոյնպէս դատապարտեցին Ատրպէյճանի բռնարարքները:

Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն Թուիթըրի ցանցերուն վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, կոչ ուղելով դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, իսկ աւելի ուշ, հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին հետ՝ ներկայացնելու համար Գանատայի անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանին ու Արցախին: Նշենք, որ Շամփայն կապ չհաստատեց Ատրպէյճանի իր գործընկերոջ հետ:

Աւելի ուշ, նախարար Ֆիլիփ Շամփայնի գրառումը իրենց ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ կիսեցին նաեւ Միջազգային Առեւտուրի նախարար Մէրի Ինկը, Տարեցներու նախարար Տէպ Շուլթին, Արտաքին գործերու նախարարի խորհրդարանական քարտուղար Ռոպ Օլիֆանտը, Հելենա Ճաքզէքն ու Կական Սիքանդը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.