Գանատահայութիւնը երկխօսութեան ճամբով խնդրի հանգուցալուծման հասնելու կոչ կ՚ուղղէ

Գանատայի Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Լաւալ, Վանգուվըր, Գէմպրիճ քաղաքներուն մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւններու ընթացքին, Ապրիլ 23-ին ընթերցուած է ստորեւ ներկայացուած կոչը։ Նշենք, որ բոլոր հանդիսութիւնները կազմակերպուած են հայ համայնքը ներկայացնող միացեալ մարմիններու կողմէ, ուր ընդգրկուած են գանատահայութեան եկեղեցական, յարանուանական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Մայր Հայրենիքի մէջ ներքաղաքական զարգացումներուն պատճառով ազգովին կը գտնուինք պատմկան ճգնաժամի մը սեմին։ Իշխանութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած ցուցարարներու միջեւ ստեղծուած ծայրահեղ բեւեռացման պատճառով մեր պետականութիւնը կը գտնուի կաթուածահար վիճակի մէջ։

Իբրեւ ազգի բաղկացուցիչ տարր, մենք, սփիւռքահայերս չենք կրնաար անտարբեր մնալ ստեղծուած այս կացութեան ի տես։ Կը հաւատանք, որ լուծումներու եւ հարցերու շուրջ համախոհութեան յանգելու դռները տակաւին վերջնականօրէն չեն փակուած եւ առիթը կայ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան անկեղծ երկխօսութեան ճամբով խնդրի հանգուցալուծման հասնելու։

Կը հաւատանք, որ հայրենի պետութեան շահերուն համար, մեր ազգի անվտանգութեան համար, տակաւին կարելի է փոխ զիջումներու այլընտրանքով գոյացնել համերաշխութիւն եւ յառաջընթաց.

Մեր ակնկալութիւնն է, որ հայրենի իշխանութիւննեերը անյապաղ ազատ արձակեն կալանքի տակ գտնուող «Ելք»ի ներկայացուցիչները, որոնք իրենց կարգին պարտին պատրաստակամութիւն ցուցաբերել գալու բանակցութեանց սեղան։

Սիրելի հայրենակիցներ, այսօր, հիմա, այս վայրկեանին, Արցախի սահմանները վտանգի տակ են. Թշնամին արդէն ռազմական ուժերու կուտակում սկսած է:

Զգաստանա՛նք եւ ծայրահեղութեան ճանապարհին փոխարէն ընտրենք երկխօսութեան եւ հասկացողութեան ճանապարհը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.