Գաղափարի մարտիկ՝ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի անմեռ յիշատակին

28 Մարտ 1985-ին, Պէյրութի մէջ, հակադաշնակցական վարձկաններու կողմէ կ’առեւանգուէր եւ չբացայայտուած պայմաններու մէջ կը սպաննուէր ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագիր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարական մտքի դրօշակակիր, պայքարի խրոխտ ղեկավար, եւ հայ ժողովուրդի անմահանուն զաւակներէն` ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 35-ամեակն է այսօր:

Այս տարին, նախախնամութեամբ մը նաեւ կը զուգադիպի ընկեր Զէյթլեանի ծննդեան 90- ամեակին:

Մուսալերան հերոսասիրտ զաւակ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հնոցին մէջ թրծուած եւ անոր ռահվիրաներու շունչով լիցքա­ւոր­ուած Սարգիս Զէյթլեան` անձնուիրաբար եղաւ հաւատարիմ ջահակիրը իր բնօրրանին ու պաշտած կու­սակ­ցական երդումին: Ան գաղափարապաշտ իր նկարագրով եղաւ խոնարհ, խստա­պահանջ, խիզախ ու անբացատրելիօրէն տիպար կուսակցական ղեկավար մը, որուն օրինակելի կերպարը մեր կուսակցութեան պատմագրքին, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդի հոգիներուն մէջ ներկայ եւ կենդանի պիտի մնայ միշտ:

Հակառակ իր յարգանք պարտադրող ու խիստ բնաւորութեան, ընկեր Սարգիս Զէյթ­լեանը ունէր ազնիւ հոգի մը։ Կարդացէ՛ք իր կենսագրութիւնը, ազգայնացունց խմբագ­րականները, հայրենանուէր գրութիւնները, եւ պիտի տեսնէք թէ որքա՜ն տոկուն, որ­քա՜ն խիզախ զգացումներու դրսեւորումներ կը լեցնեն իր ներաշխարհն ու կեանքի էջերը:

Ընկեր Զէյթլեան անձ մըն էր, որուն ներկայութեան ինքզինքդ կը զգայիր զուսպ, սա­կայն կլանուած իր յանդուգն մտքի գանձարանէն։ Անոր հոգիէն ճառագայթող ազգա­սի­րութիւնն ու հայրենասիրութիւնը կը գրաւէին քեզ ու կ’առաջնորդէին գաղա­փա­րա­կան անքակտելի մտերմութեան մը։

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան  ծնած էր 1930 թուականին Մուսա-Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը, հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դաժան տարիներուն: Ան իր մարմնին վրայ կրեց տարագրութեան ահաւոր տառապանքներն ու ցաւերը, պատանի տարիքէն կրեց հայրենիք ու բնօրրան կորսնցուցած ըլլալու ահաւոր իրականութիւնը: 1939 թուա­կա­նին երբ Մուսա-Լերան ժողովուրդը դարձեալ կը բռնէր տարագրութեան ճամբան, պա­տանի Սարգիսը իր ծնողքին եւ համագիւղացիներու հետ ապաստան կը գտնէր Լի­բանանի տափաստան, փոշիածածկ եւ համաճարակի դաշտավայր Այնճարի մէջ, որ յետագային պիտի դառնար Լիբանանի կանաչապատ գեղատեսիլ եւ գեղեցկագոյն գիւղերէն մին, որու աստիճանաւոր վերելքին համար ընկեր Զէյթլեան ներդրաւ իր մտաւորական եւ գաղափարական ձիրքերը:

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին, մանկութենէն մինչեւ Միջին Արեւելքի գաղթօճախները հանգրուանելը ու մինչեւ իր առեւանգումը, եղաւ մեսրոպաշունչ լեզուի ջինջ ղօղանջը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հաստատ համո­զում­ներու ուղղամիտ երդուեալ ընկերը, եղաւ մեր ժողովուրդի արդարութեան եւ պա­հանջատիրութեան, ծառայութեան ու նուիրումի ոգին շեփորող խիզախ հրապա­րա­կա­խօսն ու բազմութիւններ խանդավառող բանախօս հռետորը, եղաւ իր կոչումին տէր կրթական մշակն ու տնօրէնը, աննկուն կամքով Հ. Յ. Դաշնակցութեան խիզա­խումներն ու գաղափարախօսութիւնները քաջաբար հրապարակագրող խմբագիրը, դառնալով մերօրեայ յեղափոխական գրականութեան իսկական զինանոց-դպրոցի մը կերտիչ մտաւորականը։

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի յարկին տակ իր հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւնը կը ստանայ հայրենիքի ջերմութիւնը իրենց հոգինե­րուն մէջ սեղմած, Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կերտած ղեկավարներէն, պետական, կրթական եւ ազգային-հասարակական գործիչ­ներ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Կարօ Սասունիի շունչին տակ: Ազգանուէր եւ հայրենանուէր գաղափարախօսութիւններով հարստացած, ան կը դառ­նայ ժառանգորդը հայրենի ղեկավարներուն։ Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան, որպէս ու­սուցիչ, տնօրէն եւ դաստիարակ, իր արդարագոյն լուման ներդրաւ կրթական եւ ու­սումնական գանձարանին մէջ, ապահովելով պատուաբեր եւ արժանաւոր պատ­ուան­դան մը գրական, խմբագրական եւ կրթական անդաստաններէն ներս։ Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցութեան պատմութեան վերջին 65-ամեակին, ղեկավարութեան սերնդափոխութեան պատմական տարիներուն, ընկեր Զէյթլեանը հանդիսացաւ կուսակցութեան վերանո­րոգման եւ վերաթարմացման շարժումի մտաւորական եզակի ղեկավար դէմքերէն մին, դարձաւ գաղափարական դարբնոց եւ անոր ղեկավարած հնոցին մէջ դաստիա­րակուեցան Հ. Յ. Դաշնակցութեան նորահաս սերունդները հայկական մաքրամաքուր շունչով, դաստիարակուեցան անոր մագնիսացնող դասախօսութիւններով, հայրե­նիքը չտեսած` հայրենիքներ կերտուեցան անոնց հոգիներուն մէջ, միշտ վառ պահե­լով Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Զաւարեաններու նուիրաբերուելու ոգին, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայրենիք ունենալու տեսլականը:

Գաղափարի նուիրեալ մարտիկ` ընկեր Զէյթլեան ստանձնած է Հ. Յ. Դ. մամուլի եւ այլ օրկաններու խմբագրի պաշտօնը: Ան 1972 թուականին Վիեննայի մէջ կ’ընտրուի Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի անդամ եւ այնուհետեւ անխափան կը շարունակէ իր շօշափելի մասնակ­ցութիւնը բերել Հ. Յ. Դ.-ի ղեկավարման գործին, սակայն երեսուն հինգ տարիներ առաջ՝ 28 Մարտ, 1985 թուականին, Պէյրութի մէջ կ’առեւանգուի եւ ապա անգթօրէն եւ անմարդկային կերպով ահաբեկման ենթար­կուելով` կը սպաննուի:

Ընկեր Զէյթլեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մանաւանդ ազգա­յին, յեղափոխական, կրթական եւ մշակութային գործերուն մէջ իր բերած նպաստի ընթացքին, եղաւ բծախնդիր, շրջահայեաց, անաչառ ու հեռատես։ Ան իր հաւատքը վե­րածեց գործի եւ տուաւ իր լաւագոյնը։ Եւ հիմա` անոր առեւանգման 35-ամեակին եւ նահատակութեան անորոշ թուականին, բարձրաճակատ ու հոգեկան մեծ հպար­տու­թեամբ կ’ըսեմ, թէ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը գալիք յեղափոխականաշունչ հայ նո­րահաս սերունդներուն կրցաւ հարազատօրէն փոխանցել ազգի մը պատկանելիու­թեան հպարտութիւնը, հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ անսահման սէրը, հա­ւատալով, որ գալիք սերունդները պիտի կերտեն մեր նոր օրերու հայոց պատ­մու­թիւ­նը՝ ամբողջական հայրենիքի ամբողջական հայութեամբ պանծալի պատմութիւնը։

Սիրելի ընկեր Սարգիս, այսօր քու առեւանգումիդ եւ նահատակութեանդ 35-րդ ամեա­կին առիթով, 130-ամեայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան բազմահազար գաղափարի ընկերներդ կը խոնարհին քու անմեռ յիշատակին առջեւ եւ կ’ուխտեն շարունակել կիսաւարտ թողած ազգանուէր գործդ:

Այսօր, 28 Մարտ,2020-ի այգաբացին՝ մենք կը վերանորոգենք մեր սրբազան ուխտը, որ Հայ Դատի հանդէպ ունեցած նուիրումի ոգիդ, Դաշնակցութեան գաղափարի մարտիկի փայլա­տակումներդ եւ տիպար հայ մարդու նկարագիրդ վարակիչ կը դառնան գալիք սերունդ­ներու հոգիներուն մէջ, եւ քու կիսաւարտ թողած գործերդ անպայմանօրէն կը շարու­նակ­ուին բոլոր անոնց կողմէ, որոնք դաստիարակուեցան դաշնակցականի մաքրամաքուր գաղափարախօսութիւններովդ եւ յեղափոխականի շունչովդ։

Բի՜ւր յարգանք քեզի, Գաղափարի Մարտիկ՝ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան։

Յ. ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.