Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Շէնքին Առջեւ

11 փետրուար 2022-ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ` իրենց ընդվզումը արտայայտելով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կազմաքանդման, խորացող բռնաճնշումներուն եւ դատական իշխանութեան անկախութիւնը ոտնահարող կոպիտ միջամտութիւններուն նկատմամբ եւրոպական կառոյցներուն դրսեւորած անտարբերութեան, յաճախ նաեւ այս արատաւոր երեւոյթներուն գծով ցուցաբերած խրախուսական քաղաքականութեան առնչութեամբ:

«Յարգանքի տուրք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան յիշատակին» խորագիրը կրող ցոյցին մասնակիցները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը չդատապարտելու, պատերազմական յանցագործութիւններու, որոնց կարգին քիմիական զէնքի գործածութեան իրողութիւնը լռութեան մատնելու եւ մեր հազարաւոր հայրենակիցներուն կեանքի իրաւունքը ոտնահարելու փաստը չդատապարտելու գծով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.