Բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ Ապրումներ Երազային Հալէպէն» եւ «Բժիշկին Կեանքէն Ապրուած Պահեր» գիրքերուն շնորհանդէսը

Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Կէօնճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» եւ «Բժիշկին կեանքէն ապրուած պահեր» գիրքերուն շնորհանդէսը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայութեամբ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, համազգայնականներու, բարեկամներու, ինչպէս նաեւ՝ գրասէր ու ընթերցասէր հոծ բազմութեան մը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Նանոր Աշնա Սնապեան-Լիպարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ բժիշկին ծննդավայրը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը կը կարծուի, որովհետեւ ան իր պատանութիւնն ու երիտասարդութեան վաղ տարիները անցուցած է Հալէպ, սակայն փաստօրէն անոր իսկական ծննդավայրն է Դամասկոս քաղաքը: Անկէ ետք ընկերուհի Նանոր ընթերցեց «Ծննդավայր» վերնագրով երկու բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ մէկը գրած է Վահագն Դաւթեան, իսկ միւսը՝ Համօ Սահեան:

«Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» գիրքը ներկայացուց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, որ նախ անդրադարձաւ գիրքին մասերուն՝ ըստ գրութիւններուն խորքին, ապա անոնցմէ իւրաքանչիւրին անդրադարձաւ՝ մերթընդմերթ մէջբերումներ կատարելով: Թիթիզեան նաեւ նշեց. «Գիրքը անձնական յուշապատում ըլլալէ աւելի ունի վաւերագրական արժէք: Հատորը գրեթէ ամբողջական պատկերացում մը կու տայ Հալէպի կեանքին, մարդոց ապրելակերպին, բարքերուն ու սովորութիւններուն, զգացական աշխարհին, մտածելակերպին, վարքին ու հոգեբանութեան մասին, որովհետեւ հեղինակը չի բաւարարուիր իր անձնական յուշերը պատմելով, ան կը նկարագրէ նաեւ շրջապատը, մարդիկը, դրացիները, թաղեցիները, թաղի եւ դպրոցի ընկերները, ինչպէս նաեւ անոնց հետ կապուած խաղերը, արկածախնդրութիւններն ու յուշերը»:

Հեղինակին լեզուին ու ոճին անդրադառնալով Թիթիզեան յայտնեց. «Հեղինակին ոճը կը յատկանշուի յստակութեամբ, մտքերն ու զգացումները բացայայտ են, չկայ ցուցամոլութիւն իր նախադասութիւններուն կառուցուածքին մէջ: Հեղինակը իր գրելիքը վերականգնած է իր մտապատկերին մէջ եւ ամենայն հարազատութեամբ՝ յանձնած թուղթին, առանց որեւէ պճնազարդումի դոյզն ճիգի»:

Խօսք առաւ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկ Թապաքեանին՝ հատորը իրեն ձօնած ըլլալուն առթիւ, ապա վեր առաւ բժիշկին երեւոյթներն ու անձնաւորութիւնները դիտելու, զննելու ապա զանոնք հարազատօրէն թուղթին յանձնելու կարողութիւնը:

«Բժիշկին կեանքէն ապրուած պահեր» գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի Գրական յաւելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան: Ան գիրքին բովանդակութիւնը ներկայացնելէ ետք ըսաւ. «Մի քանի տասնամեակ անց գալիք սերունդները ի՞նչ պիտի պատկերացնեն մեր կեանքին մասին։ Ատենագրութիւններ ու տեղեկագիրներ կան, յաճախ աւելի առատ քան հարիւրամեակ մը առաջ, ունինք նաեւ ահագին թղթակցութիւններ՝ մամուլի էջերուն վրայ։ Այս վաւերագիրներուն սակայն կը պակսի հիմնական տուեալ մը. կը պակսի մարդկային գործօնը։ Անոնք կմախքն են, առանց միսի։ Յուշագրութիւններն են, որ պիտի այդ ոսկորներուն վրայի միսը ըլլան եւ մեր յաջորդներուն համար գծեն իրական պատկերը անցած տարիներուն, տան ժամանակի շունչը։ Այդ առումով, յուշագրութիւնը կը մնայ անփոխարինելի»:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ բժիշկ Օհան Թապաքեան, որմէ ետք փակման խօսքին մէջ ընկերուհի Նանոր յայտնեց, թէ հեղինակը գիրքին վաճառքի ամբողջ հասոյթը կը տրամադրէ Համազգայինին:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.