«Բժիշկին Ե. խօսքը» հատորի շնորհանդէսը
Համաճարակի պատճառով ստեղծուած խիստ սահմանափակումներէ ետք, ցուրտն ու աննպաստ օդը անտեսելով, կոկիկ խումբ մը մշակութասէր հայրենակիցներ, հինգշաբթի, 3 մարտ 2022-ին, ներկայ եղան բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Ե. խօսքը» հատորի շնորհահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ եւ Քեպէգի «Հայ բժշկական ընկերակցութեան» (AMAQ-ի) մասնակցութեամբ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի շրջանաւարտ Կրէյս Մէշէֆէճեան, որ ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր՝ Անահիտ Պալեանի կենսագրական գիծերը։
Նախքան «Բժիշկին Ե. խօսքը» հատորի ներկայացումը կատարելը, Անահիտ Պալեան անդրադարձաւ այն ջե՛րմ յարաբերութեան, որ ստեղծուած էր տարիներու ընթացքին բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին եւ իր միջեւ. եւ աւելցուց. «այս անգամ սակայն, գրական ձեռնարկ մը վարելէ աւելի անդին կ’երթայ իմ մասնակցութիւնս. եւ կը խոստովանիմ, որ ուրախ եմ, որ ինծի վիճակուեցաւ այս գիրքը ներկայացնելու հաճոյքը»։ Ան բժիշկին կենսագրական ամփոփ գիծերուն անդրադառնալէ ետք, նշեց թէ հատորը լոյս կը տեսնէր 2020-ին Մոնթրէալի մէջ, բժիշկին «Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն» խորագիրը կրող աշխատասիրութենէն տարի մը ետք։
Զեկուցաբերը յիշեց թէ գիրքի կողքը ստեղծագործութիւնն է, Մոնթրէալաբնակ տաղանդաւոր գեղանկարիչ ու քանդակագործ, հանրածանօթ արուեստագէտ՝ Պրն. Եղիա Պէքմեզեանին։ Իսկ գիրքի «Խօսք ներածական»-ի հեղինակն է մոնթրէալաբնակ Վրէժ-Արմէն Արթինեան, որ ինչպէս հեղինակի նախորդ հատորներուն, այս անգամ եւս, լեզուական խմբագրումը կատարելէ անդին, իր մասնակցութիւնը բերած է բառակերտման աշխատանքներուն։
Անահիտ Պալեան իր խօսքին մէջ հաստատեց թէ «Բժիշկին Ե. խօսքը» գիրքով, բժիշկ Հարպոյեան չի սահմանափակուիր արծարծելու նիւթեր, որոնք կ՚առնչուին միայն իր մասնագիտութեան, այսինքն՝ քիթ-կոկորդ-ականջ հիւանդութիւններուն, այլ ան շատ պարզ ու յստակ հայերէնով կ՚անդրադառնայ զանազան հիւանդութիւններու, որոնք յաճախ կ՚անհանգստացնեն մեր ստամոքսը, աղիքները, լեարդը, սիրտը, թոքերը, մորթը, ոսկորները եւ այլն։ Ան շեշտեց թէ «Բժիշկին Ե. խօսքը» գիրքով, վեր կ՚առնուի նաեւ կարեւորութիւնը մայրենի լեզուով ունենալու բժշկական հրատարակութիւններ եւ գրականութիւն։
Ներկայացման ընթացքին, Ա. Պալեան յիշեց թէ այս հատորին մէջ նշուած իւրաքանչիւր հիւանդութիւն թերթի կամ թերթերու մէջ լոյս տեսած յօդուած մըն է, նաեւ աւեցուց թէ հատորը ճոխացուած է բազմաթիւ լուսանկարներով եւ գծանկարներով (ընդհանուր թիւը կը հասնի 600-ի), որոնք կ՚օգնեն ընթերցողին աւելի լաւ հասկնալու բժիշկին բացատրութիւնները։ Այսպէս, մինչ ան կը ներկայացնէր հատորի իւրաքանչիւր գլուխը, պաստառին վրայ կը ցուցադրուէին համապատասխան գլուխի նկարներէն օրինակներ եւ մերթ ընդ մերթ բեմ կը բարձրանային Սուրբ Յակոբի աշակերտ-աշակերտուհիներէն Վայք Աճեմեան, Յարութ Ջուլճեան, Նայիրի Ժուքաքելեան եւ Լէա Տօնապետեան, որոնք իրենց ընթերցումներով մէջբերումներ կը կատարէին բժիշկ Հարպոյեանի այս հետաքրքրական աշխատասիրութենէն, հարազատ կապ մը ստեղծելով գիրքին ու հանդիսատեսին միջեւ։
Անահիտ Պալեան աւելցուց, թէ «Բժիշկին Ե. խօսքը» հատորին մէջ, մեծ տեղ կը գրաւէ ԲԺՇԿԱՊԱՏՄԱԿԱՆ բաժինը, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ սփիւռքահայ բժիշկներու կենսագրականն ու տարած աշխատանքը։ Հոն կը նշուին նաեւ 1850-էն 1980 թուականներուն, Սփիւռքի մէջ լոյս տեսած հայ բժշկական ժողովրդային պարբերաթերթերուն եւ գիրքերուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս հայ բժշկութեան պատմութեան մասին տեղեկութիւններ, հին դարերէն մինչեւ 19-րդ դարու վերջը։
Այս բաժնին կը յաջորդեն, հատորին մէջ օգտագործուած աղբիւրները, բժշկական եւ գիտական բառերու ցանկը, անգլերէնէ-հայերէն եւ հայերէնէ-անգլերէն թարգմանական բառացանկերը, նաեւ բժիշկ Հարպոյեանի եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանին կողմէ առաջարկուած հայերէն բժշկական նորակերտ բառերու ցանկը։
Հատորի ամենէն վերջին էջերուն վրայ, արձանագրուած են «Բժիշկին խօսքը» 5 հատորներու ընդհանուր բովանդակութիւնը (յօդուածներու ընդհանուր թիւն է 283)՝ ըստ նիւթի եւ հատորի համախմբուած, ինչ որ կ՚օգնէ ընթերցողին, որ ան դիւրութեամբ գտնէ իր փնտռած նիւթը, համապատասխան հատորին մէջ։ Իսկ վերջին կողքին վրայ կ՚երեւի բժիշկ Հարպոյեանին հակիրճ կենսագրութիւնը։
Գիրքի ներկայացումը աւարտելէ ետք, Անահիտ Պալեան հարցազրոյց մը կատարեց բժիշկ Հարպոյեանին հետ, եւ առիթ ընծայեց ներկաներուն ուղղելու իրենց հարցումները, որոնց ընդմէջէն հետաքրքրական էր իմանալ թէ ովքեր են բժիշկի ներկայի ուսուցիչները, ծանօթանալ բժիշկ Դանիէլեանին ու իր անգլերէնէ-հայերէն բժշկական բառարանին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ունենալ բժիշկ Հրաչ Աբրահամեանի բառակերտման մեծարժէք աշխատանքին, Հարպոյեան համախտանիշին մասին, եւ այլն։
Ապա բժիշկ Հարպոյեան շնորհակալական խօսք ուղղեց «Սանահին» մասնաճիւղին եւ այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր անձերուն։
Գրական եկեկոյի աւարտին տեղի ունեցան հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրում բժիշկին կողմէ։
Նշենք նաեւ, որ ձեռնարկը միաժամանակ առցանց սփռուեցաւ Հայ Կեդրոնի Ձայն – ACC Laval Radio Program դիմատետրի էջով, ուր այժմ փափաքողները սոյն ձեռնարկը կրնան դիտել։
Անահիտ Պալեան