Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Մակար Եպս. Աշգարեան այցելեց վերաբացուած Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան եւ Մանկապարտէզ
6 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելեց յետ երկրաշարժի ցնցումներուն վերաբացուած Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան եւ Ազգ. Մանկապարտէզ, ընկերակցութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամներ տիար Գուրգէն Գալուստեանի եւ երկրչ. Յարութ Աւընեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ օրդ. Անի Գալտընեանի, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Յարութ Լէպլէպճեանի, հոգաբարձութեան անդամներու, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի տնօրէնուհի տիկ. Նայիրի Բանոյեանի եւ Ազգ. Մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհի տիկ. Նուշիկ Չաքրեանի կողմէ։
Սրբազան Հայրը քաջալերեց աշակերտները եւ մաղթեց, որ յետ երկրաշարժի ցնցումներուն իրենց դասերը լաւապէս պատրաստեն՝ օգտաշատ դարձնելով իրենց առօրեան։ Ան աշակերտներուն հետ աղօթեց, հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ պահպանութիւնը։
Այնուհետեւ, Մակար Սրբազան շրջագայեցաւ դասարանները եւ մօտէն ծանօթացաւ դպրոցի ներկայ իրավիճակին եւ ուսումնակրթական կեանքին, ապա ան հանդիպում ունեցաւ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետին, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի տնօրէնուհիին հետ, գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնն ու հայակերտումի ի նպաստ տարած աշխատանքը եւ մաղթեց, որ միշտ քաջալեր հանդիսանան աշակերտներուն, յատկապէս ներկայիս տիրող պայմաններուն մէջ։ Ապա, տեսակցելով նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին հետ, գնահատեց անոնց նուիրական ծառայութիւնը եւ անոնց հետ աղօթելով՝ անվտանգ եւ ապահով ուսումնակրթական երթ մաղթեց։
Սրբազան Հայրը տեսակցելով մանկապարտէզի փոքրիկներուն հետ, ուրախութեամբ մտիկ ըրաւ անոնց հոգեհարազատ երգերուն եւ ապահով ու անփորձանք օրեր մաղթեց անոնց։