Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նորդ Շա­հան Արք. Սար­գիս­եան այ­ցե­լ­եց Գա­միշ­լի

Ապ­րիլ 1 -ին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եան հով­ուա­պե­տա­կան եռօր­եայ այ­ցե­լութ­եամբ ժա­մա­նեց Գա­միշ­լի` ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի երես­փո­խան եւ Ազգ. Երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ատե­նա­պետ Ժի­րայր Րէ­իս­եա­նի: Ըն­դու­նե­լութ­եան ներ­կայ գտն­ուե­ցան Գա­միշլիի Հո­գե­ւոր Հո­վիւ Տ. Պսակ Քհնյ. Պէր­պէր­եան, Պատ­կան Մարմ­նի, Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան, միու­թիւն­նե­րու եւ բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Նախ Ս. Յա­կոբ եկե­ղեց­ւոյ մէջ ժա­մեր­գու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ, որ­մէ ետք սր­բա­զան հայ­րը ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը` իր ու­րա­խու­թիւնը   յայտ­նե­լով այս այ­ցե­լու­թեան առիթով: Ան դի­տել տուաւ, որ այ­ցե­լու­թիւնը առիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ մօ­տէն հե­տե­ւե­լու գա­ղու­թի իրա­վի­ճա­կին:

Երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00-էն սկս­եալ սր­բա­զան հօր այ­ցե­լե­ցին գա­ղու­թիս մէջ գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը: Հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ առն­ուե­ցաւ տի­րող իրա­վի­ճա­կը, ինչ­պէս նա­եւ միու­թե­նա­կան աշ­խա­տան­քի առ­կայ խո­չըն­դոտ­նե­րը:

Սր­բա­զա­նը բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց Գա­միշլիի կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան մար­մին­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը այս­պի­սի դժ­ուար պայ­ման­նե­րու մէջ:

Կի­րա­կի, 2 Ապ­րիլ 2017-ի առա­ւօտ­եան ժա­մը 9:00-ին Գա­միշլիի Ս. Յա­կոբ եկե­ղեց­ւոյ մէջ սր­բա­զան հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ մա­տուց­ուե­ցաւ, որուն ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ Աստ­ուա­ծա­մօր պատ­կե­րի օծ­ման արա­րո­ղու­թիւնը: Սր­բա­պատ­կե­րը պի­տի զե­տեղ­ուի եկե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին վրայ:

Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ շեշ­տեց պա­հե­ցո­ղու­թեան հո­գե­ւոր նշա­նա­կու­թիւնը ըսե­լով. «Աւե­տա­րա­նը կ՛ըսէ` նախ քու աչ­քիդ մէ­ջի գե­րա­նը տես, յե­տոյ` դի­մա­ցի­նիդ աչ­քին մէ­ջի պզ­տիկ շիւ­ղը: Պա­հոց քա­ռա­սուն օրե­րը սր­տի մաք­րութ­եան, ինք­նասր­բագ­րու­մի եւ անդ­րա­դար­ձի օրեր են: Մեծ պահ­քի քա­ռա­սուն օրե­րուն ըն­թաց­քին եկե­ղեց­ւոյ արա­րո­ղու­թեան մէջ հիմ­նա­կա­նը Աս­տու­ծոյ խօսքն է: Հիմ­նա­կա­նը Ս. գիր­քի ըն­թեր­ցում­ներն են, որոնք Տի­րոջ խօս­քին վրայ կը կեդ­րո­նացնեն մեր ամ­բողջ ու­շադ­րու­թիւնը»: Ապա սր­բա­զան հայ­րը փո­խան­ցեց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի Հա­լէպ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նած քա­րո­զին գլ­խա­ւոր միտ­քե­րը` ըսե­լով. «Վե­րա­նո­րո­գում, վե­րա­կանգ­նում, վե­րա­շի­նու­թիւն բա­ռե­րուն մէջ խտաց­ուած էր կա­թո­ղի­կո­սին քա­րո­զը: Սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին նա­հա­տակ­ներ ու­նե­ցանք, կա­ռոյց­ներ քանդ­ուե­ցան, տու­ներ փլա­տակ դար­ձան, եկե­ղե­ցի­ներ եւ դպ­րոց­ներ հր­կիզ­ուե­ցան… Այ­սու­հե­տեւ վե­րա­շի­նու­թեան ծրա­գի­րը գոր­ծի դր­ուե­ցաւ ու ին­կած­նե­րը պէտք է ոտ­քի կանգ­նեց­նել, մար­դու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը վե­րա­կանգ­նել, որով­հե­տեւ վե­րա­նո­րոգ­ուած մար­դը միայն կր­նայ եր­կի­րը, հա­մայն­քը վե­րա­կանգ­նել: Վե­րա­շի­նու­թեան ծրա­գի­րը պի­տի շա­րու­նակ­ուի Աս­տու­ծոյ առաջ­նոր­դու­թեամբ եւ եկե­ղե­ցա­կան, ազ­գա­յին, միու­թե­նա­կան աշ­խա­տան­քով` մեր ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ»:

Պա­տա­րա­գէն ետք սր­բա­զան հայ­րը այ­ցե­լեց Ս. Յա­կոբ եկե­ղեց­ւոյ Կի­րակ­նօր­եայ դպ­րոց, տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին հետ, մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ փոք­րիկ­նե­րու աշ­խա­տան­քին:

Եր­կու­շաբ­թի, 3 Ապ­րիլ 2017-ի առա­ւօտ­եան սր­բա­զան հայ­րը, Ժի­րայր Րէ­իս­եա­նի, Գա­միշլիի Ազգ. Եփ­րատ վար­ժա­րան­նե­րու հո­գա­բար­ձու­թեան եւ թա­ղա­կա­նու­թեան կազ­մե­րուն ու Գա­միշլիի քա­հա­նայ հօր հետ այ­ցե­լե­ցին Գա­միշլիի ազ­գա­յին երեք վար­ժա­րան­նե­րը: Աշա­կերտ­նե­րուն հետ աղօ­թե­լէ ետք, սր­բա­զան հայ­րը ող­ջու­նեց հայ ապա­գայ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, որոնց փայ­լուն աչ­քե­րուն մէջ կը ցո­լայ հա­յու փայ­լուն ապա­գան: Ապա ան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց իրենց եւ գա­ղու­թի մէջ գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րուն, որոնք մարդ կեր­տե­լու պար­տա­կա­նու­թիւնը ստանձ­նած են պա­տե­րազ­մի տագ­նա­պա­լի այս տա­րի­նե­րուն: Եզ­րա­փա­կե­լով սր­բա­զան հայ­րը Աս­տուծ­մէ խնդ­րեց, որ խա­ղա­ղու­թիւն, բար­գա­ւա­ճում եւ մշ­տա­կան վե­րելք պար­գե­ւէ Հա­յաս­տա­նին ու Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն

Լուսանկարը` Սեւակ Տիգրանեանի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.