Բեգլարեանը` Ալիեւին. «Լեռնային Ղարաբաղ Գոյութիւն Չունի, Որովհետեւ Գոյութիւն Ունի Արցախի Հանրապետութիւն»

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան արձագանգեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հերթական կեղծ յայտարարութիւններուն` Արցախի վերաբերեալ: «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ Բեգլարեան գրեց.

«Այո՛, Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, որովհետեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւն, եւ ատիկա միջազգային իրաւունքի ենթակայ է, թէեւ պաշտօնապէս միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ:

«Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը պիտի չլուծուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ազրպէյճանը հաշուի չէ առած Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման անկոտրում իրաւունքը»:

Արցախի պետական նախարարին համաձայն, աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ Ալիեւ աւելի շատ մտածէր Ազրպէյճանի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու բարեխիղճ կատարման մասին` երաշխաւորելով սեփական քաղաքացիներուն (որոնց կարգին` լեզգիներու, թալիշներու, աւարներու, թաթարներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու) իրաւունքներու ապահովումը` հայերու իրաւունքներուն մասին «մտահոգուելու» փոխարէն:

«Մի գուցէ, Ալիեւը յանկարծ յիշէ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է Խորհրդային Ազրպէյճանին մէջ աւելի քան 500.000 հայերու հետ, թէ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ կա՞յ  թէկուզ մէկ հայ», նշեց Բեգլարեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.