Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»
Զինուած ուժերու ղեկավար կազմը 1 մարտին կրկին հաստատեց ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ իր գնահատականները եւ շեշտեց, որ` «անկախ զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու փորձերէն, կը մնայ անդրդուելի, կշռադատուած եւ հաստատակամ»:
Այս մասին յայտարարութիւնը հրապարակեց զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի պետ Սամուէլ Ասատրեան` Դիմատետրի իր էջով:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Զինուած ուժերը, կազմուած լինելով մեր ժողովրդի զաւակներից եւ կանխազգալով ազգային անվտանգութեան սպառնալիքները, անթոյլատրելի է համարում եւ յորդորում է դադարեցնել Զինուած ուժերին եւ առանձին պաշտօնատար անձանց ուղղուած անհիմն մեղադրանքները:
Առկայ իրավիճակը փաստում է, որ զինուած ուժերը առաջնորդւում են բացառապէս պետական շահով եւ ծառայում են միայն ու միայն իրենց ժողովրդին` ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ իրաւունքի կանոններով»: