Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն Ու Բիւրոյի Նախագահ Արմէն Ռուստամեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը յունուար 25-ին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի պաշտօնական  կայքէջը` նախագահ Սահակեանը շնորհաւորած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Արմէն Ռուստամեանը՝ Բիւրոյի անդամ ընտրուելու համար, նաեւ մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք ու ամենայն բարիք:

Բակօ Սահակեանը յոյս յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը ասկէ ետք եւս իր ուշադրութեան յատուկ առարկան շարունակէ պահել Արցախը՝ գործօն մասնակցութիւն ունենալով հանրապետութեան զարգացմանն ու զօրացման:

Հանդիպումին ներկայ եղած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.