Բագրատ Եսայեան Եւ Գառնիկ Մելքումեան Ազատ Արձակուեցան

Շաբաթ, 11 յունիս 2022-ին «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Բագրատ Եսայեան ազատ արձակուած է:

Կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու քննիչի միջնորդութեան մերժման մասին որոշումը յայտնի դարձաւ առաւօտեան, մինչ այդ դատարանը միջնորդութիւնը  քննած էր գիշերը եւ քննութեան աւարտը եղած էր միայն առաւօտեան ժամը 4:00-ի մօտ: Փաստաբանները այդ ժամուն «Երկիր մետիա»-ի նկարահանող խումբին ըսած էին, որ կալանաւորման փորձը աւելի նման է խօսքի ազատութեան ճնշման, քանի որ Բագրատ Եսայեանին բերման ենթարկած էին պատկերասփիւռի կայանէն:

Բագրատ Եսայեանի ազատման ժամանակ դատարանին մօտ սպասող ներկաները վստահութիւն յայտնած էին, որ անոր նկատմամբ ներկայացուած կալանքի միջնորդութիւնը ապօրինի էր:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ միութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը դատարանը չէ բաւարարած:

«Դատարանը մերժեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանի նկատմամբ քննիչին կողմէ ներկայացուած ապօրինի կալանքի միջնորդութիւնը:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք փաստաբան Լուսինէ Մարտիրոսեանին` կատարած արհեստավարժ աշխատանքին համար», նշուած է միութեան յայտարարութեան մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.