Արցախ Ֆոնտը Նուիրուած Է Արիաւանի Պայքարունակ Գիւղացիներուն
Գեղատեսիլ Աղաւնոյ գետի և Լաչինի միջանցքի երկայնքով տեղակայուած է Արիաւան գիւղը, որ ծանօթ է նաև Աղաւնոյ անունով: 2020-ի աշնան Ատրպէյճանի Արցախի վրայ կատարած յարձակումներու սաստկացումով, գիւղի ընտանիքներուն մեծ մասը ստիպուած եղան լքելու իրենց տուները, բայց հայրէնասէր 9 ընտանիքներ նախընտրեցին մնալ՝ վճռականօրէն պաշտպանելով իրենց հողերն ու ունեցուածքը հակառակորդի ընդդէմ թշնամու յառաջխաղացումներուն:
Արիաւանը առաջին գիւղն է, որուն կը հանդիպիք Արցախի մէջ ՝ Հայաստանի սահմանը անցնելէն ետք, երբ կը ճաճամբորդէք Հայաստանի և Արցախի հանրապետութիւնները զիրար միացնող Լաչինի միջանցքով: Պատերազմի աւարտէն ի վեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արևելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի և Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Հիմնարկի (ACAA) Արցախ Ֆոնտի երկու պատուիրակութիւններ այցելած են Արիաւան`գիւղացիներու կարիքները բաւարարելու և աջակցութիւն ցուցաբերելու մտադրութեամբ:
«Ինծի համար ամենակարևորը գիւղի ռազմավարական դիրքն էր և անոնց (գիւղացիներու) մնալու և տոկալու կամքը», – Հայրենիքի հետ վերջերս զրոյցին ըսաւ Արցախ ֆոնտի մարմնի անդամ Փոլին Տոսթումեան: Ան բացատրեց, որ գիւղին մօտ են ռուսական անցակէտերը և խաղաղապահները, ինչպես նաև հայկական գեղեցիկ եկեղեցին: Անհասկանալիօրէն, Հայաստանի իշխանութեան կողմէ բազմաթիւ փորձեր եղած են խրախուսելու բնակիչներուն, որ լքեն Արիաւանն ու Բերձոր քաղաքը: Ի վերջոյ, ըստ այցելուներու, Բերձորը ամայացաւ, և քաղաքը ներկայիս ուրուականներու քաղաք կը վիշեցնէ: Հրադադարի աղէտալի եռակողմ համաձայնագրով հինգ քիլոմեթր լայնութեամբ (մօտաւորապէս երեք մղոն) միջանցքը կը շարունակէ պահպանել կապը Հայաստանի հետ: Որևէ հիմք չկայ, որ այս միջանցքի գիւղերը պէտք է դատարկուին իրենց բնակիչներէն: Ընդհակառակը, ինչպես բացատրեց Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Կ.Կ.-ի անդամ Սեպուհ Հացագործեան, այդ գիւղերը պէտք է վերաբնակեցուին` միջանցքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար, հակառակ պարագային Արցախը կը կտրուի Հայաստանէն և «կը վերածուի թշնամիներով շրջապատուած կղզիի»:
Պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը անջատեց ելեկտրական հոսանքը, յատուկ ջանքերով Արիաւանի գիւղացիներուն ստիպելու հեռանալ գիւղէն: Դեկտեմբեր 8-ին, ի պատասխան այդ ջանքերուն, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Կ.Կ.-ի անդամները ելեկտրականութիւն մատակարարող շարժիչներ տրամադրեցին: Բացի այդ, հայկական բջջային հաղորդակցութեան աշտարակը դադրեցուեցաւ ՝ գիւղը զրկելով բոլոր տեսակի հաղորդակցութիւններէն և գիւղի ջրամատակարարումը եւս խափանուեցաւ քանի մը շաբաթ: Վերջերս գիւղը դատարկելու այլ փորձեր եւս եղան:
Արիաւանի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի և այլ գիւղացիներու հետ գիւղի առաջնային կարիքները պարզելու համար քանի մը հանդիպումներէ և քննարկումներէ ետք, Արցախ Ֆոնտի անդամները կրկին այցելեցին գիւղ և որոշեցին վերակառուցել դպրոցը: Գիւղացիներու ցանկութիւններուն ամենակարևոր կէտը դպրոցը վերանորոգելն ու բանալն էր. անոնք համոզուած են, որ լիարժէք աշխատող դպրոցը շօշափելի պատճառ կը դառնայ ընտանիքները Արիաւան վերադառնալու համար: Դեկտեմբերի սկիզբը, երբ ՀՅԴ ԿԿի անդամները այցելեցին, հին դպրոցը վնասուած էր, պատուհաններու ապակիները ջարդուած էին գիւղի գնդակոծութեան պատճառով, գրասեղաններ ու աթոռներ չկային, քանի որ զանոնք գործածած էին զինուորներու եւ կամաւորներու կարիքներուն համար: Նախքան պատերազմը, նախատեսուած էր կառուցել դպրոցի նոր շէնք, հին շէնքի կողքին, բայց Նոյեմբեր 9-էն ետք նոր դպրոցի շինարարը վերադարձաւ Արիաւան և սկսաւ մետաղեայ յենարանները հանել: Գիւղապետ Չաւուշեան, որ իր կնոջ հետ ունի հինգ անչափահաս երեխաներ ՝ նորածինէն մինչև վեց տարեկան, կանգնեցուց ընթացքը:
ACAA-ի Արցախ Ֆոնտի երկրորդ պատուիրակութիւնը Արիաւան այցելեց 2020 թուականի Դեկտեմբեր 27-էն 2021 թուականի Յունուար 3-ը` բերելով սնունդ, տնտեսական ապրանքներ, նուէրներ և հագուստ: Այս ընթացքին խումբը առիթ ունեցաւ աւելի լաւ ծանօթանալ գիւղացիներուն և հասկնալ անոնց կարիքներն ու ցաւը, յատկապէս անոնց առաջին տօնական շրջանին, որ պիտի ապրէին առանց իրենց զոհուած կամ անյայտ կորած սիրելիներուն: Արիաւանի Նոր Տարին յուզիչ էր Արցախ Ֆոնտի անդամներուն համար, նշեց Տոսթումեան: Խումբը հետևեցաւ աւանդոյթին և կէսգիշերին այցելեց մօտակայ եկեղեցին (խաղաղապահներու գիտութեամբ), հնչեց եկեղեցւոյ զանգը, աղօթքներ բարձրացան Նոր Տարուայ գալստեան և մոմեր վառուեցան եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցիէն դուրս տեղադրուած խաչքարերուն մօտ:
Երեխաները ուրախ էին խումբի Սուրբ Ծննդեան նուէրներ ստանալու և գիւղին մէջ տօնածառ տեղադրելու համար: Որպէս պահի ցնցող և տխուր նշան, տօնածառը զարդարուած էր պատերազմի ընթացքին անյայտ կորած կամ նահատակուած հերոսներու լուսանկարներով: «Այդ մէկը տօնական տրամադրութիւն չէր, – կը յիշէ Տոսդումեան, – բայց գոյատևման տրամադրութիւն էր և վճռականութիւն ՝ այնտեղ շարունակելու ապրիլ»: Տոսդումեան նաև շեշտեց կրթական ամուր միջավայրի կարևորութիւնը եւ երեխաներու համար տարիքի համապատասխան արտադասարանական գործունէութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Հացագործան համամիտ էր ՝ նշելով երեխաներու անմեղութիւնը և սորվելու փափաքը ՝հակառակ, որ գրեթէ հայրենիք կորսնցուցած էին:
Այսօր պարզ է արդէն, որ դպրոցի մանկապարտէզին հատուածի վերանորոգումը առաջնային խնդիր է, ուստի ACAA- ի Արցախ Ֆոնտը ստանձնած այս նորոգութիւնները կատարել: Նոր դասասենեակ, երեխաներու քնանալու տարածք, խոհանոց, ճաշասենեակ և աւելի մեծ սրահ, որ օգտագործելի կ’ըլլայ նաև գիւղական ընկերային ձեռնարկներուն համար: Ամենակարևորը, բայց ներսի բաղնիքներու եւ լուացարաններու կառուցումն է: Կարեւոր է նաեւ գիւղապետարանի շէնքին մէջ մէկ սենեակ վերանորոգել, որպէսզի այն դառնայ առանձին մուտքով դարմանատուն, որ մատչելի 24 ժամեայ ծառայութեամբ գիւղացիներուն կարևոր բժշկական օգնութիւն պիտի մատուցէ:
Ամբողջ նախագիծին ընթացքը կը համապատասխանէ Արիաւանի կեանքին դրուածքին, ուր բոլորը կ’աշխատին զիրար օգնելու համար: «Գիւղին մէջ բոլորը հոգատարութեան առարկայ են», – ըսաւ Տոսդումեան`բացատրելով, որ գիւղապետ Չաւուշեան ամէն ինչ կ’ընէ գիւղի անվտանգութիւնը ապահովելու համար, լաւ կապեր կը պահպանէ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն հետ և Գորիս ուղեւորուելով մատակարարումներ կը կատարէ: Գիւղացիները, նոյնիսկ դժուար այս կացութեան մէջ, հայկական սովորական հիւրընկալութիւնը կը պահպանեն ՝ միշտ իրենց հիւրերուն առաջարկելով հնարաւոր հիւրասիրութիւն: «Անոնք իրենց բաժինը կը կատարեն այնտեղ գտնուելով», – կրկնեց Տոսդումեան, «մեր գործն է աջակցիլ անոնց հնարաւորութիւններ ստեղծելով, յատկապէս նոր սերունդին համար: Կրթութիւնը սկիզբն է»:
Հացագործեան կը պնդէ, որ ֆինանսական օգնութիւնը կարեւոր է, բայց բաւարար չէ Արիաւանի գիւղացիներուն: «Մենք անոնց բարոյապէս ալ պէտք է օգնենք ՝ ըլլալով անոնց կողքին, ինչ որ անոնց յոյս կու տայ և կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը», – շեշտեց ան: «Մենք պէտք է անոնց ցոյց տանք, որ Սփիւռքի իրենց եղբայրներն ու քոյրերը անոնց հետ են այնտեղ, քանի որ իրենք կը զգան, որ իրենք դաւաճանուած և լքուած են իրենց կառավարութեան կողմէ»: Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի և Արցախ Ֆոնտի անդամներուն այս այցելութիւնները ցոյց տուին, որ շրջանը անխոնջ նուիրուածութիւն կը ցուցաբերէ այնտեղ մնացած գիւղացիներուն:
Հակառակ դաւաճանուած ըլլալու այդ զգացումներուն ՝ «բարոյահոգեբանական մակարդակը բարձր էր, և բնակիչները պէտք կը զգան իրենց տուներուն մէջ մնալ», – յայտնեց Արցախ Ֆոնտի անդամ Արուսիակ Մարգարեան: Փաստօրէն, ըսաւ ան, որ «յոյս կար, որ ընտանիքները և ուսուցիչները կը վերադառնան դպրոցը վերանորոգուելու պարագային»` շեշտելով ACAA- ի Արցախ Ֆոնտի ծրագրի կարևորութիւնը: 2020-ի Դեկտեմբերի սկիզբը, երբ գիւղին մէջ միայն ինն ընտանիքներ կային, Արիաւան դպրոցը որոշեց վերսկսիլ աշխատանքը: Դպրոցի վերաբացման որոշման շնորհիւ, Դեկտեմբեր 27-էն Յունուար 3-ը, ևս հինգ ընտանիք որոշեց վերադառնալ և Յունուարի վերջի տուեալներով գիւղն մէջ կ’ապրէր 25 ընտանիք (90 մարդ):
Եթէ կ’ուզէք միանալ Արիաւանի մէջ ծաւալուած ACAA-ի Արցախ Ֆոնտի ջանքերուն , այցելեցէք ՝ givebutter.com/ariavan