Արցախցիի՝ Հայրենի Հողին Վրայ Ապրելու եւ Զայն Պաշտպանելու Վճռականութիւնը Եղած է եւ Պիտի Մնայ Անսասան. Արցախի ԱԳՆ-ն Խստիւ Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Սադրիչ Գործողութիւնները

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ խստօրէն դատապարտելով Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները.

«Մարտ 9-ին եւ 10-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ թիրախաւորած են Մարտունի շրջանի Խնուշինակ եւ Կարմիր Շուկա, Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղերու խաղաղ բնակչութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կայ մէկ վիրաւոր։

Մարտ 8-ի գիշերը վնասուած է Արցախի Հանրապետութիւն եկող միակ կազատարը՝ կազամատակարարումէ զրկելով Արցախի ամբողջ տարածքը։ Վնասուած հատուածը կը գտնուի ազրպէյճանական ԶՈՒ վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքին մէջ։ Առ այսօր ազրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ կազատարի վերանորոգման, որուն պատճառով Արցախի ողջ բնակչութիւնը կ՝առերեսուի մարդասիրական շարք մը խնդիրներու, որոնք յատկապէս ծանր են եղանակային ցուրտ պայմաններուն պատճառով։

Անցած շաբաթուան ընթացքին թշնամին բարձրախօսներով ըրած յայտարարութիւններով անընդհատ կը յորդորէր Խրամորթի խաղաղ բնակչութիւնը լքելու գիւղը՝ սպառնալով ֆիզիքական հաշուեյարդար տեսնել գիւղացիներուն հանդէպ։

Պաշտօնական Պաքուի քաղաքականութիւնը ինչպէս միշտ խիստ ապակառուցողական է, կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքի հիմնադրոյթները, մարդասիրութեան հիմունքները, իր էութեամբ հայատեացութեան, նացիզմի եւ ահաբեկչութեան համակցում է։

Արցախի ԱԳՆ-ն խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները, որոնք սպառնալիք են տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան համար, հարուած՝ խաղաղապահ առաքելութեան, մարտահրաւէր՝ քաղաքակիրթ աշխարհին, եւ պէտք չէ անարձագանգ մնան։

Վերջին զարգացումները մէկ անգամ եւս ցոյց կու տան Ազրպէյճանի բուն նպատակները հայ ժողովուրդի, Արցախի եւ անոր ապագայի նկատմամբ։

Արցախցիի՝ հայրենի հողին վրայ ապրելու եւ զայն պաշտպանելու վճռականութիւնը եղած է եւ պիտի մնայ անսասան»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.