Արցախի Պաշտպանութեան բանակի Զօրամասերուն Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Դէմ Պայքարը Կը Շարունակուի

Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարը Պաշտպանութեան բանակի բոլոր զօրամասերու մէջ կը շարունակուի ամբողջ թափով: Իրականացուող կանխարգելիչ եւ հակահամաճարակային գործընթացները կը գտնուին ինչպէս ռազմաբժշկական ծառայութեան, այնպէս ալ զօրամասերու հրամանատարութեան մշտական վերահսկողութեան տակ:

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական շտապը:

«Կանխարգելիչ միջոցառումները աւելի բարձր որակով կեանքի կոչելու նպատակով Պաշտպանութեան Բանակին մէջ պարբերաբար կ՛իրականացուին հաւաք-պարապմունքներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան հակահամաճարակային նախաձեռնութիւններու առանձնայատկութիւններուն, կը կատարեն փորձի փոխանակում, ձեռք կը բերեն նոր գիտելիքներ:

Մշտական կանխարգելիչ ձեռնարկներու, խիստ վերահսկողութեան եւ հրամանատարութեան ու համապատասխան ծառայութիւններու արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ` Արցախի ՊՆ-ը առայսօր յաջողած է խուսափիլ «Քորոնա» ժահրի ներթափանցման դէպքերէ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.