Արցախի նախագահը հանդիպում ունեցաւ «Սթարքի» լսողական սարքեր արտադրող ամերիկեան բարեսիրական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 29-ին, Ստեփանակերտի կեդրոնական մարզադաշտին մէջ մասնակցեցաւ ամերիկեան հանրայայտ «Սթարքի» ընկերութեան կողմէ լսողական դժուարութիւններ ունեցող Արցախի քաղաքացիներուն ժամանակակից լսողական սարքերու տրամադրման արարողութեան:

Նոյն օրը Նախագահը ընդունած է «Սթարքի» ընկերութեան ներկայացուցիչներն ու անոնց հետ քննարկած է առողջապահութեան ոլորտին վերաբերող շարք մը ծրագիրներու առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ընկերութեան՝ Արցախի մէջ բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելուն համար, նշելով որ անոնք կարեւոր են եւ էական:

Հանդիպման մասնակցած են ԱՀ առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղրեան, «Արաբկիր» միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիր Արա Բաբլոյեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

Նշենք, որ «Սթարքի» լսողական սարքեր արտադրող ամերիկեան ընկերութիւնը (Starkey) 2017-2018-ին, գործակցութեամբ «Արաբկիր» միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին եւ Լոս Անճլըսի Գաւուքճեան ընտանիքին, Երեւանի, Շիրակի, Լոռիի,Տաւուշիմարզերուն եւ Արցախի մէջ լսողական սարքեր տրամադրած էր մօտ 2000 անձանց:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.