Արցախի ՄԷջ Բացուած Է Ապրիլեան Պատերազմի նահատակ գնդապետ Արմենակ Ուրֆանեանի Անունը Կրող Դպրոց

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան նոյեմբեր 11-ին աշխատանքային շրջայց  կատարած է Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւի  շարք մը բնակավայրերու մէջ` մասնակցելով դպրոցական շէնքի բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ` ծանօթանալով բնակարանաշինական աշխատանքներու ընթացքին:

ԱՀ պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին փոխանցմամբ` Ա. Յարութիւնեան, նախ, Մուշ համայնքին մէջ մասնակցած է նորակառոյց դպրոցական շէնքի բացման արարողութեան, ուր կը յաճախեն նաեւ հարեւան Ալաշկերտ համայնքի երեխաները: «Հայրենասէր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած դպրոցին մէջ, որ կը կրէ ապրիլեան պատերազմին նահատակուած «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի ասպետ, հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանի անունը, կը յաճախէ շուրջ 50 աշակերտ:

Ա. Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն  յայտնած է բարերարներուն եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան` ծրագիրի իրականացման համար` կարեւոր համարելով բարեգործական նման նախաձեռնութիւններու դերը Արցախի զարգացման եւ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ:

«Կարծում եմ` պատահական չէ, որ դպրոցն այսուհետ կրելու է մերօրեայ հերոսներից Արմենակ Ուրֆանեանի անունը: Այն իւրօրինակ ուղերձ է առաջին հերթին դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ, ընդհանրապէս, բոլոր մեր հայրենակիցներին, որ մեր հերոսների յիշատակը պէտք է յարգենք առաջին հերթին նրանց օրինակով մեր երեխաներին դաստիարակելով»,- ըսած է պետական նախարարը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.