Արցախի «Մե՛նք Ենք Մեր Սարերը» Յուշարձանը Ազրպէյճանի Համար Թիրախ Է. Mօnument Watch

Monument Watch-ը ահազանգեց, որ 8 նոյեմբեր 2024-ին ազրպէյճանական «Թելեկրամ»-ի ալիքները սկսան տարածել բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ գտնուող «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանի լուսանկարները եւ տեսանիւթերը, որոնց մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանին ետեւի մասը պատուած է մեծաթիւ գրութիւններով` հիմնականին մէջ յուշարձան այցելած ազրպէյճանցիներու անուններ, մականուններ եւ Հայաստանն ու հայերը ծաղրող գրութիւններ:

«Տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանին շրջակայ տարածքը վնասուած է: Նոյն ատեն նկատելի է, որ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան նոր թեզ մը յառաջ կը մղէ, որ` թէեւ յուշարձանը կառուցուած է խորհրդային տարիներուն Ազրպէյճանի գումարներով, սակայն անիկա «դարձած է հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ մը». առ այդ, անիկա պէտք է քանդուի: Կրնանք հաւաստել, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Ստեփանակերտ այցելող իր բնակիչներուն չեն արգիլեր զանազան գրութիւններով կեղտոտել յուշարձանը, ինչպէս նաեւ դարձեալ կը խրախուսեն յուշարձանը քանդելու գծով քննարկումները», կը յայտնէ Monument Watch-ը:

Comments are closed.