Արցախի Մասին 8 Հետազօտական Ծրագիր Նպաստ Կը Ստանայ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Կողմէ
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը մեկնարկեց կրթաթոշակներու նոր ծրագիր մը Յունուար 2021-ին, որ կը կեդրոնանայ Արցախի մասին հետազօտական աշխատանքներու վրայ: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Բաժանմունքին «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթաթոշակ»-ի ծրագիրին, եւ կը նպատակադրէ քաջալերել Արցախի վերաբերեալ ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով յետ-1994-եան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ առկայ կացութեան։
Դիմումներու առաջին փուլին (Մարտ 1-էն Ապրիլ 20), չորս տարբեր երկիրներէ դիմումներ կատարուեցան. Հայաստան, Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ։ Այս փուլին, ութ դիմողներ կրթաթոշակ ստացան, հաշիւի առնելով դիմումներուն որակը եւ ուսումնասիրութեան առարկաներուն այժմէականութիւնը: Նիւթերն են՝ արտաքին քաղաքականութիւն եւ ապահովութիւն, միջազգային օրէնք, մշակութային ինքնութիւն, սեռային ներառականութիւն, խաղաղութեան հաստատում, սնունդի ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ բնապահպանական հարցեր։
Կրթաթոշակներուն ընդհանուր գումարը 30,000 եւրօ է, որ յատկացուեցաւ հետեւեալ դիմողներուն.
- Ատրինէ Գրիգորեան(Ա.Մ.Ն.)
- Դոկտ. Ալբերթ Հայրապետեան (Հայաստան)
- Արմէն Ասրեան(Հայաստան)
- Դոկտ. Քարոլ Ման (Ֆրանսա)
- Ղարիպ Յարութիւնեան(Հայաստան)
- Դոկտ. Իկոռ Տորֆման-Լազարեւ (Ֆրանսա)
- Դոկտ. Ռուբէն Էլամիրեան (Հայաստան)
- Դոկտ. Թալին Փափազեան (Ֆրանսա)
Կը շնորհաւորենք բոլոր նպաստառուները, եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասենք այլազան ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքներուն։
Արցախի մասին հետազօտական կրթաթոշակներու այս ծրագիրը պիտի ունենայ դիմելու երկրորդ փուլ մը՝ Յուլիս 1-էն մինչեւ 31 Օգոստոս 2021։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ծրագիրին էջը՝