Արցախի Հարցն Ու Օսլոյի եւ Տէյթընի Համաձայնութիւնները

1993 թուականին Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը՝ ՊԱԿ-ը եւ Իսրայէլը Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին Օսլոյի համաձայնութիւնը, որ պսակումն էր ՄԱԿ-ի թիւ 242 եւ թիւ 338 որոշումներու հիմամբ խաղաղութեան հաստատման ու պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման ձգտող գաղտնի եւ նորվեկիական ուղղակի միջնորդութեամբ բանակցային հոլովոյթի մը։ Համաձայնութեան անմիջական արդիւնքը եղաւ ՊԱԿ-Իսրայէլ փոխադարձ ճանաչումը։

Գոյացած համաձայնութիւնը նախնական էր, եւ անոր պէտք էր հետեւէր սահմանագծումի, Երուսաղէմի կարգավիճակի եւ գաղթականներու տունդարձի հարցերու լուծման բանակցութիւններ, որոնք,  սակայն ձախողութեան մատնուեցան, երբ 2000 թուականին Քամփ Տէյվիտի վեհաժողովը ձախողեցաւ եւ Պաղեստինեան Բ. ինթիֆատան՝ ըմբոստութիւնը տեղի ունեցաւ։ Նախնական այդ համաձայնութենէն 22 տարի անցած է, սակայն երկու կողմերուն միջեւ վերջնական ու համապարփակ համաձայնութիւն մը չէ գոյացած, ուստի եւ երկու կողմերուն միջեւ խաղաղութիւն չէ հաստատուած. բախումները, մարդկային ու նիւթական կորուստները կը շարունակուին։ Իսրայէլ բնակեցման քաղաքականութեան ճամբով քիչ առ քիչ կը վերատիրանայ Օսլոյի համաձայնութեամբ իր Պաղեստինեան իշխանութեան զիջած տարածքներուն։

Միջազգային մէկ այլ համաձայնութեան օրինակը Տէյթընի համաձայնութիւնն է, որ վերջ տուաւ Պոսնիոյ պատերազմին։ Համաձայնութիւնը գոյացաւ 21 Նոյեմբեր 1995-ին, Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքի մօտ ամերիկեան օդուժի ռազմակայանին մէջ բանակցութիւններու աւարտին, եւ պաշտօնապէս ստորագրուեցաւ 14 Դեկտեմբեր 1995-ին, Փարիզի մէջ։ Համաձայնութեան ու սահմանագծման իբրեւ արդիւնք, ստեղծուեցաւ 2 բաժիններէ՝ «Ռեփուպլիքա Սրփսքա»-էն՝ Սերպական Հանրապետութենէն եւ Պոսնիա ու Հերցեկովինայէ բաղկացած ու դաշնակցային դրութեամբ օժտուած գերիշխան պետութիւն մը։

Վերոնշեալ երկու օրինակներն ալ հիմնուած են ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ եւ ոչ թէ տարածքային՝ այս պարագային Իսրայէլի եւ Եուկոսլաւիոյ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ, եւ արդիւնք էին միջազգային ուժերու, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութեան։

Արդեօ՞ք անոնք կրնան Արցախի հարցի լուծման համար իբրեւ բնորդ ծառայել։ Արդեօ՞ք կարելի է Արցախի համար Օսլոյի նման միջանկեալ կամ Տէյթընի նման համապարփակ համաձայնութիւն մը ակնկալել։

Այդ բնորդներու կիրարկման կարելիութիւնը կը թուի հաւանական կամ առնուազն մօտալուտ չըլլալ, որովհետեւ պայմանները տարբեր են. առաջին՝ Ուքրանիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք Օսլոյի եւ Տէյթընի համաձայնագիրներու օրերուն գոյութիւն ունեցած միջազգային տարբեր ուժերու միջեւ համագործակցութեան ոգին ու մօտիկ ապագային կարելիութիւնը չքացած է, երկրորդ՝ Արցախի հարցին մէջ գոյութիւն ունի տարբեր միջնորդներու՝ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական խորհուրդի միջեւ մրցակցութեան իբրեւ հետեւանք խառնաշփոթ կացութիւն մը եւ երրորդ՝ ի տարբերութիւն Օսլոյի եւ Տէյթընի, բանակցութիւններու իբրեւ սկզբունք առաջադրուած է տարածքային ամբողջականութիւնը. Ազրպէյճան այդ մէկը շարունակ կը շեշտէ, իսկ ըստ Հայաստանի վարչապետին, «միջազգային ընտանիքը մեզի կ’ըսէ՝ փոքր չափով իջեցուցէ՛ք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին մէջ ձեր նշաձողը եւ միջազգային մեծ համախմբում կ’ապահովէք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ»՝ իմա հրաժարեցէ՛ք Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքէն ու Արցախի անկախութեան գաղափարէն։ Եթէ այդ խօսքը ճիշդ է, կարելի է ենթադրել, որ նշեալ «միջազգային ընտանիք»-ը թերեւս կը ծրագրէ շրջանառութեան մէջ դնել Տէյթընի համաձայնութեան բնորդին վրայ հիմնուած լուծումի մը գաղափարը։

Մինչ այդ, Ազրպէյճան Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցած է «խաղաղութեան 5 առաջարկներու» թղթածրար մը, որուն կէտերն են հետեւեալները.

  • Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:
  • Պետութիւններու` իրար նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում:
  • Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրարու անվտանգութեան սպառնալէ, քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներ ու ուժ կիրարկելէ եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն անհամապատասխան քայլերէ:
  • Հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանագծում եւ սահմանազատում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:
  • Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացում, այլ համապատասխան հաղորդակցութիւններու հաստատում եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 21 Մարտին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց. «10 Մարտին մեզի փոխանցուած ազրպէյճանական առաջարկներուն մէջ, մեծ հաշուով, մեզի համար անընդունելի ոչինչ կայ։ Այլ բան, որ այդ առաջարկները ամբողջապէս չեն հասցէագրեր Հայաստան-Ազրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան հաւանական օրակարգը»։

Հակառակ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի պնդումին, թէ Ազրպէյճանի փաստաթուղթը «կը ներառէ Հելսինքեան համաձայնագիրներու սկզբունքները» եւ թէ անոնք «ձեւակերպուած են միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ» ազրպէյճանական կողմի առաջարկներուն մէջ շլացուցիչ է Հելսինքեան վերջնական հռչակագիրի եւ միջազգային օրէնքի գլխաւոր սկզբունքներէն՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի բացակայութիւնը։

Աւելին, փաստաթուղթի առաջին երեք կէտերը կը հակասեն չորրորդ կէտին, որովհետեւ կը խօսին տարածքային ամբողջականութեան մասին, իսկ չորրորդը՝ սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման մասին, առանց որոնց կարելի չէ տարածքային ամբողջականութեան մասին խօսիլ. եթէ սահմանագծում չէ կատարուած կարելի չէ պնդել, որ Արցախի հարցը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հարց է, որովհետեւ այդ տարածքը ճշդելի է, ուստի եւ վիճելի եւ նոյն ատեն շատ վտանգաւոր հարց մըն է։

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 29 Ապրիլին յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ սահմաններու ճշգրտման հոլովոյթին մէջ իբրեւ հիմ պիտի ընդունին 1918 թուականի եւ մինչեւ 1991` Խորհրդային Միութեան փլուզումը եղած բոլոր քարտէսները, եւ որ 1918-1920 թուականներու որոշ քարտէսներով Երեւանն ու Սիւնիքը Ազրպէյճանի կազմին մէջ են։

Ան այդպիսով տողատակի առաւելագոյն պահանջ մը ներկայացուց, որպէսզի բանակցութիւններու ընթացքին այդ պահանջէն զիջելու պատրաստակամութիւն յայտնէ, եթէ հայկական կողմը եւս այդ ժեսթին դիմաց փոխադարձ զիջում մը կատարէ։ Ալիեւ կը ծրագրէ ներկայացնել հետեւեալ առաջարկը.«Մենք Երեւանէն ու Սիւնիքէն կը հրաժարինք, եթէ դուք Արցախէն հրաժարիք»։

Համենայն դէպս, յստակ է, որ Օսլոյի ձախողած համաձայնութիւնն ու Տէյթընի մեծ դժուարութիւններով գոյատեւող եւ մեզի համար մերժելի մէկ պետութեան կազմի մէջ միաւորման գաղափարի վրայ հիմնուած համաձայնութիւնը չեն կրնար Արցախի հարցի լուծման իբրեւ բնորդ ծառայել։

 

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.