Արցախի Թալիշ Գիւղը Աստիճանաբար կը Վերադառնայ Բնականոն Կեանքին

Արցախի Թալիշ գիւղը 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք աստիճանաբար կը վերադառնայ բնականոն կեանքին. ամրան շահագործման պիտի յանձնուի հինովին կառուցուած 10 բնակելի տուն: Արդէն պատրաստ ու կահաւորուած է նորակառոյց մանկապարտէզը, դպրոցի կահաւորումը պիտի իրականացուի շուտով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է Թալիշի գիւղապետ Վիլեն Պետրոսեան՝ պատմելով գիւղի վերակառուցման ծրագիրով իրականացած աշխատանքներուն մասին:

«Արդէն աւարտած են համայնքապետարանի շէնքի վերակառուցման, մանկապարտէզի, դպրոցի եւ հանդիսութիւններու սրահի կառուցման աշխատանքները: Համայնքապետարանը, մանկապարտէզն ու հանդիսութիւններու սրահը նոյնիսկ կահաւորուած են: Շուտով պիտի կահաւորուի նաեւ դպրոցի մասնաշէնքը: Դպրոցի եւ մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքները աւարտած են տարեվերջին»,- ըսած է գիւղապետը ու ընդգծած, թէ գիւղի ջրամատակարարման ողջ համակարգը, խողովակները եւս արդիականացուած են:

Ծրագիրի առաջին փուլով Թալիշի մէջ վերակառուցուած եւ հիմնովին կահաւորուած էր 19 տուն: Երկրորդ փուլով նախատեսուած 14 տուներուն վերակառուցումը ընթացի մէջ է: Պետրոսեան նշած է, որ աշխատանքները արդէն աւարտական փուլի մէջ են: Գիւղին մէջ բուռն աշխատանքներ կ՝ընթանան նաեւ հիմքէն տուներու կառուցման համար: Այդպիսի 10 առանձնատուն կը կառուցուի: «Հիմնական աշխատանքները ներկայիս կ՝ընթանան այդ տուներուն ուղղութեամբ: 10 բնակելի տուներու կառուցման աշխատանքները պիտի աւարտին Յունիս-Յուլիսին»,-տեղեկացուցած է գիւղապետը եւ աւելցուցած, որ երկու օր առաջ արդէն կատարունծ են չափագրման աշխատանքներ, եւ հաւանաբար շուտով ծրագիրիի մէջ մտնէ եւս 4 տան վերակառուցում:

Անդրադառնալով գիւղի վերաբնակեցման՝ Պետրոսեան նշած է, որ ներկայիս մեծ մասամբ այնտեղ կ՝ապրին տղամարդիկ: Կ՝ապրի միայն մէկ ընտանիք՝ 80 անց ամուսին, կին եւ անոնց որդին: Սակայն կանայք՝ երեխաներու հետ՝ երբեմն կ՝երթան գիւղ ու որոշ ժամանակով կը մնան: «Ամրան ընթացքին կը մնային օրեր շարունակ, երբ ծառերուն բերք կար, մրգերէն պահածոներ կը պատրաստէին»,- նշած է գիւղապետը ու շեշտած, որ մարդիկ ընտանիքներով բնակելու պիտի գան, երբ ծրագիրները աւարտին ըստ նախատեսուածի՝ մինչ նոր ուսումնական տարուան սկիզբը:

Գիւղապետը արձանագրած է նաեւ շատ կարեւոր փաստ մը, որ գիւղի ուղղութեամբ կրակոցներ չկան: Բաւական ժամանակ է, որ կրակոցներ չեն լսեր: «Կրակոցներ չենք լսեր այն ժամանակէն, երբ ողջ առաջնագիծով կրակոցներուն թիւը պակսեցաւ՝ երեւի կապուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման հետ»,- նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի սահմանամերձ Թալիշ գիւղը 2016-ի ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ամենաշատ տուժած բնակավայրերէն է: Ապրիլ 1-լոյս 2-ին ո անոր յաջորդած օրերուն՝ բնակավայրը ենթարկուած է ատրպէյճանական բանակի հրետակոծութեան, հակառակորդի ստորաբաժանումները յաջողած են քանի մը ժամով մտնել գիւղ` կատարելով քաղաքացիական բնակչութեան սպանութիւններ, աւերել ու թալանել տուներ: Շարունակելով տարբեր զինատեսակներէ հիւսիսային ուղղութեամբ խախտել հրադադարի պահպանումը՝ Ատրպէյճանը 2017 Փետրուար 24-ին թիրախաւորած էր ոչ միայն մարտական յենակէտերը, այլեւ՝ Թալիշ բնակավայրը, որուն ուղղութեամբ 120-միլիմեթրանոց ականանետէ եւ Դ-44 հրանօթէ արձակուած էր 4 արկ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.