Արցախի Դադիվանքին Մէջ Մեծ Շուքով Կը Պատրատուին Սուրբ Զատկուան Տօնին

Արցախի Շահումեանի շրջանի Դադիվանքի վանական համալիրի բակին մէջ Ապրիլ 16-ին տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին` Սուրբ Զատիկին նուիրուած փառատօն:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ փառատօնի կազմակերպիչ Մարիամ Փիլաֆեան ըսած է, որ արդէն 5-րդ տարին է, որ կը կազմակերպէ նման փառատօն. տօնի իրականացման կ՝աջակցին ԱՀ մշակոյթի ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնն ու Շահումեանի շրջվարչակազմի ղեկավարութիւնը:

«Վանական համալիրի բակին մէջ առանձին տաղաւարներով հանդէս պիտի գան Շահումեանի շրջանի 16 համայնքները. անոնք պիտի ցուցադրեն զատկուան տօնին յատուկ  աւանդական ուտեստներ, կանաչեղէն, գաթաներ, ներկուած հաւկիթ եւ այլն»,- նշած է Մ. Փիլաֆեան եւ աւելցուցած, որ կը նախատեսուի նաեւ սուրբ պատարագ, հիւրասիրութիւն, ձեռային աշխատանքի ցուցահանդէս- վաճառք, ազգային խաղեր եւ  այլն:

Ըստ ձեռնարկի կազմակերպիչին` Զատկուան տօնին համերգային ծրագիրով հանդէս պիտի գայ Արցախի «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական խումբը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.