Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Շուշին Եղած Է, Կայ Եւ Պիտի Մնայ Արցախի Անբաժան Մասը»

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերու տարելիցին առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ 1920-ին Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերը եւ 2020-ին քաղաքի բռնազաւթումը ո՛չ միայն Արցախի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ ցեղասպան քաղաքականութեան դրսեւորում են, այլ նաեւ յանցագործութիւն մարդկութեան ու մարդկայնութեան դէմ, միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու կոպտագոյն խախտում:

Նախարարութիւնը կը նշէ, որ 101 տարի առաջ այս օրը Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, թրքական կանոնաւոր բանակի եւ բազմաթիւ զինուած աւազակախումբերու հետ համագործակցութեամբ, կազմակերպեցին Շուշիի հայ ազգաբնակչութեան կոտորածը` գրեթէ հիմնովին աւերելով Արցախի պատմական մայրաքաղաքը:

«Շուշիի ցեղասպանութիւնը արհեստականօրէն ստեղծուած «Ազրպէյճան» կոչուող պետութեան` Արցախի նկատմամբ զաւթողական քաղաքականութեան առաջին դրսեւորումն էր: Այդ հրէշաւոր յանցագործութեան պատճառով հազարաւոր հայեր սպաննուեցան, տասնեակ հազարաւորներ ստիպուած եղան լքել քաղաքը, ոչնչացուեցաւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, թալանուեցաւ մարդոց ունեցուածքը, պղծուեցան սրբավայրերը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան համոզումով, այս ողբերգական իրադարձութիւնը ազդակն էր այն քաղաքականութեան, զոր Ազրպէյճան պէտք է որդեգրէր հետագայ տասնամեակներուն համար:

Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ նման մարդատեաց գործողութիւններու շարունակութիւնը դարձաւ 1988 թուականէն ի վեր հայ ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հայատեաց քաղաքականութիւնը, որուն ծիրին մէջ ի գործ կը դրուին ճնշումներ, ցեղային զտումներ եւ կոտորածներ:

«Այն հանգամանքը, որ Պաքուի եւ Անգարայի ցեղասպան քաղաքականութիւնը այդպէս ալ չարժանացաւ միջազգային հանրութեան համարժէք գնահատականին, իսկ ոճրագործները մնացին անպատիժ, պատճառ դարձաւ, որ Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ աջակցութեամբ եւ միջազգային ահաբեկիչներու ներգրաւումով, 27 սեպտեմբեր 2020-ին նոր յարձակում սանձազերծէ Արցախի դէմ` դաւադրաբար տիրանալով հայոց բերդաքաղաք Շուշիին», կ՛ընդգծէ նախարարութիւնը` հաստատելով, որ արցախահայութիւնը երբեք պիտի չհաշտուի Շուշիի կորուստին հետ:

«Շուշին եղած է, կայ եւ կը մնայ Արցախի անբաժան մասը: Պիտի կատարուի առաւելագոյնը Արցախի գրաւեալ տարածքներու  ազատագրման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման համար», կը նշէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.