Արցախի Անկախութիւնը Հայ Ժողովուրդի Պատմական Իրաւունքն է. Արամ Ա․ Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր շարունակական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին, Եւրոպայի հայերու 4-րդ համագումարի պաշտօնական բացման ընթացքին ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․:
«Մենք այստեղ հաւաքուած ենք եւս մէկ անգամ որպէս նոյն ընտանիքի պատկանող անձինք: Պայմաններու բերումով տարբեր տեղեր կ՛ապրինք, հարցերուն տարբեր հայեցակէտերով կը մօտենանք, սակայն մեր կեանքի ճամբուն վրայ մէկ նպատակ կայ, որովհետեւ մեր հայրենիքը նոյնն է, մեր պահանջատիրութիւնը նոյնն է: Տարբեր մօտեցումներով եւ շեշտադրումներով կը խօսինք եւ պէտք է խօսինք` մեր առջեւ ունենալով մէկ սրբազան նպատակ, որ ինծի համար ազգային պահանջատիրութիւնն է: Անիկա եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար սովորական երեւոյթ չէ, սովորական դատ չէ, անիկա գոյութեան իրականութիւն դարձած է: Այսօր աւելի, քան երբեւէ անկախ Հայաստանը ինքն է իրաւատէրը, պահանջատէրը մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, եւ հարիւրամեակի հռչակագիրը, որ Հայաստանի նախագահը կարդաց Ծիծեռնակաբերդի մէջ, համայն աշխարհի դիմաց, եկաւ փաստելու, որ Հայաստանն ինքը իրաւատէր է»,- ըսած է Վեհափառը:
Անոր խօսքով` ազգային պահանջատիրութեան հիմքը նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնիշխանութեան, անկախութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնն ու ամրապնդումն է:
«Հայաստանը, Արցախը, Հայ դատի գրասենեակները, մենք բոլորս զանազան կերպով աշխատանք կը տանինք եւ պէտք է տանինք: Ես կը նկատեմ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի նկատմամբ: Մեր ժողովրդի իրաւունքն է Արցախի անկախութիւնը, ամէնէն առաջ ատիկա մեր ժողովուրդի պատմական իրաւունքն է, քանի որ մեր ժողովուրդը այնտեղ է, Արցախի մէջ: Մեր ժողովուրդը զայն չգրաւեց, ուրիշները ուրիշին նուէր տուին: Մեր ժողովուրդը իր պատմական հողին վրայ է»,- ըսած է ան` ընդգծելով, թէ կարեւոր է նաեւ հարցի իրաւական կողմը, քանի որ ժողովուրդի արդար իրաւունքն է իր հողին վրայ կազմակերպել իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
«Եւ այս գիտակցութեամբ մենք զօրավիգ կանգնած ենք Արցախի անկախ պետութեան»,-ըսած է ան:
Վեհափառը ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ազգային պահանջատիրութիւնը տարածել ամէնուր եւ միասնական պայքար մղել ու այդ առումով ան կ՛առաջարկէ, բացի Եւրոպայէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն, Հայ դատի գրասենեակներ ունենալ աշխարհի այլ հատուածներո մէջ:
«Հիւսիսային Ամերիկան եւ Եւրոպան կարեւոր են, սակայն կը կարծեմ` նաեւ կարեւոր է իսլամական աշխարհը, քանի որ այնտեղ մենք չունինք այնպիսի ներկայացուածութիւն, որքան պէտք է ըլլայ»,- շեշտած է Վեհափառը: