«Արցախը Ընտրած Է Պայքարի Ճամբան, Եւ Տէր Պիտի Կանգնինք Մեր Անկախութեան». Արթուր Մոսիեան

«Նիկոլ Փաշինեանը կը փորձէ փուլ առ փուլ հանրութեան համոզել, թէ իբրեւ թէ միջազգային հանրութիւնը Արցախը կ՛ընդունի իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: Երէկուան ասուլիսին եւս նոյնը կը փորձէր ընել, բայց այդ ուղղակի անհեթեթութիւն է, ձեռնածութիւն: «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան:

Հայաստանի վարչապետին որդեգրած զիջողական քաղաքականութիւնը, Արցախի բնակչութիւնն ու քաղաքական ուժերը, Մոսիեանի համաձայն, չեն ընդունիր:

«Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին անգամ մը եւս վերահաստատեցինք ու փաստեցինք, որ Արցախը ընտրած է պայքարի ճամբան, եւ տէր պիտի կանգնինք մեր անկախութեան», շեշտեց Մոսիեան:

Փաշինեանի` վերջին ասուլիսին հնչեցուցած բազմաթիւ միտքեր մտահոգութիւններ յառաջացուցած են Արցախի մէջ` նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն փոխարէն` ներկայացուցիչներ բառի օգտագործումը:

«Փաշինեանն ու Ալիեւը նոյն բառապաշարով կը խօսին: Անոնք երկուքն ալ չեն ընդունիր, որ Արցախը հանրապետութիւն է. ատիկա ցաւալի է, բայց փաստ: Ատոր մասին կը վկայէ նաեւ այն, որ ոչ մէկ անգամ Արցախի իշխանութիւններ արտայայտութիւնը օգտագործեց Փաշինեան: Մէկ բան յստակ է` 2018-ին Փաշինեանը իշխանութեան բերած են` Արցախը թշնամիին յանձնելու եւ Ռուսիան շրջանէն դուրս մղելու համար: Փաշինեանի վարչախումբի` Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան ղեկին մնալու ամէն մէկ յաւելեալ օրը, ժամը աւելի կը մօտեցնէ Հայաստանի ու Արցախի կործանումը», ըսաւ Մոսիեան:

Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորը նաեւ կը նկատէ, որ Փաշինեան կը խօսի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն մասին` չընդունելով կամ չգիտակցելով, որ Արցախը, Սիւնիքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած մնացեալ տարածքները, այդ շահի կարեւորագոյն բաղկացուցիչ կը հանդիսանան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.