Արմէն Ռուստամեան. «Որեւէ Կարգավիճակ Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Պիտի Երաշխաւորէ Արցախի Հայաթափումը»

Տպաւորութիւն ունիմ, որ նոր-նոր Նիկոլ Փաշինեանը կը շարունակէ ծանօթանալ այն փաստաթուղթերուն, որոնք իրեն նախորդող շրջանին ընդունուած են արցախեան բանակցութիւններուն մէջ, բայց իր բնաւորութեան համապատասխան կը փորձէ զանոնք իւրովի մեկնաբանել: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին  նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը` անդրադառնալով Ազգային ժողովին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, թէ 1998-ի նոյեմբերին իշխանութիւնները համաձայնած են բանակցութիւններու հիմք ընդունիլ «Ընդհանուր պետութիւն» առաջարկը, որմէ ետք բանակցային սեղանին յայտնուեցաւ տարածքներու փոխանակման փաթեթը, որով Մեղրիի շրջանը կը փոխանակուէր Արցախի հետ:

«Փաստաթուղթերուն ծանօթանալը բան մըն է, փաստաթուղթերու էութիւնը հասկնալը ուրիշ բան, նշանակութիւնը, այդ ձեռքբերման հետ կապուած յստակ մակարդակը, որ կրցած է մեր դիւանագիտութիւնը ապահովել:

Ինքը բերած է բովանդակութենէ հանուած երկու մէջբերում, բայց չ՛ըսեր, թէ այդ պարագային ինչո՞ւ Ազրպէյճանը չհիմնուեցաւ այդ փաստաթուղթին վրայ եւ չգնաց համաձայնութեան, քանի որ ըստ իրեն ամէն ինչ յօգուտ Ազրպէյճանին վճռուած էր այդ փաստաթուղթերով: Այսինքն, եթէ այդքանը հասկնար, շատ աւելի պատշաճ կը վերաբերէր այդ փաստաթուղթին:

Իսկ որպէսզի հասկնանք, թէ ինչու Ազրպէյճանը չէ դիմած անոր, կարելի է կարդալ միւս մասերը, որոնք Փաշինեանը չէ հրապարակած:

Օրինակ, այդ փաստաթուղթին մէջ ըսուած է, որ Ազրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը կը ստորագրեն համաձայնագիր տնօրինման առարկաներու եւ պետական իշխանութեան համապատասխան մարմիններու միջեւ իրաւասութիւններու փոխադարձ տարանջատման մասին եւ այդ համաձայնագիրը սահմանադրական ուժ կը ստանայ:

Ազրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը կը կազմեն միացեալ կոմիտէ, որուն կազմին մէջ կ՛ընդգրկուին նախագահներու, վարչապետներու, խորհրդարաններու նախագահներու ներկայացուցիչները` սահմանելու համար տնօրինման ոլորտի քաղաքականութիւնն ու գործունէութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղը կ՛ունենայ սեփական Սահմանադրութիւն, Ազրպէյճանի օրէնքները, կանոնները եւ գործադիր որոշումները ուժի մէջ են Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ, եթէ չեն հակասեր վերջինիս Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն: Լեռնային Ղարաբաղը կ՛ունենայ իր զինանշանը, քայլերգը, դրօշը: Լեռնային Ղարաբաղը, համաձայն իր Սահմանադրութեան, ինքնուրոյն կը կազմակերպէ իր օրէնսդրական գործադիր եւ դատական մարմինները: Լեռնային Ղարաբաղը կ՛ունենայ սեփական դրոշմանիշները, կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ ազատ եւ անխափան փոխադրական կապի կարելիութիւն: Ազրպէյճանի բանակը, անվտանգութեան ուժերը եւ ոստիկանութիւնը իրաւունք չեն ունենար մտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տարածք առանց Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու համաձայնութեան:

Նաեւ այստեղ կ՛ըսուի, որ այս փաստաթուղթը պէտք է ստորագրեն երեք կողմերը:

Այս ամէնը ինչո՞ւ չէ ըսուած, որովհետեւ յօդս պիտի ցնդէին բոլոր այն մեղադրանքները, որ Ռոպերթ Քոչարեանի ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղը դուրս մղուած է բանակցային գործընթացէն», յայտարարեց Ռուստամեանը:

Ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Արցախի որեւէ կարգավիճակ, որ պիտի երաշխաւորէ արցախցիներու անվտանգութիւնը, մեզի համար ընդունելի է, ընդդիմադիր պատգամաւորը ըսաւ. «Այդտեղ մէկ բան կը պակսի, պէտք է ըլլայ «որեւէ կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմէն դուրս»: Այդ է, որ ինքը չ՛ուզեր ըսել: Իսկ ես կ՛ըսեմ` որեւէ կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմին մէջ կ՛երաշխաւորէ Արցախի հայաթափումը»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.