Արիս Պապիկեան Վերընտրուեցաւ Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Երեսփոխան

Գանատահայ նահանգային խորհրդարանի անդամ,  Յառաջդիմական-պահպանողականներու կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան, 2 յունիսին տեղի ունեցած Նահանգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերնըտրուեցաւ Սքարպորօ-Աճընթքորթի շրջանէն:

68-ամեայ Պապիկեան Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած յաղթական երեկոյթի ժամանակ ըսաւ, որ հաւատարիմ է իր կուսակցութեան խոստումներուն` վերակառուցելու Սքարպորօ Հելթ Նեթուըրքի «Պիրչմաունթ» հիւանդանոցը եւ ընդլայնելու Շեփըրտ Սապուէյը:

Ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներով Պապիկեան յաղթեց` ստանալով ընտրողներու ձայներուն 49,1-ը:

Երեսփոխան Պապիկեանին պաշտօնապէս շնորհաւորեցին Գանատայի եւ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբերը, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Երրորդութիւն Հայ առաքելական եկեղեցիները:

Արիս Պապիկեան Օնթարիոյի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւորի պաշտօնին կոչուած է 2009-ին եւ այդ պաշտօնը վարած է 6 տարի: Ան երկար տարիներ վարած է Armenian National Federation of Canada-ի նախագահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ վարած է Canadian Ethnocultural Council-ի քարտուղարութիւնը: Իբրեւ լրագրող անդամակցած է National Ethnic Media and Press Council of Canada-ի: Գանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրման 125-ամեակին առիթով ան արժանացած է Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին գնահատական շքանշանին:

Պապիկեան նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է հայ համայնքի կեանքին մէջ: Գանատահայ համայնքին իր 32 տարուան անխոնջ ծառայութեան ընթացքին ան 4 տարի գործած է իբրեւ պատասխանատու վարիչ տնօրէն Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին մէջ: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մետալով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.