Արիաւանի մէջ 12 նոր բնակարաններ կը կառուցուին

Քաշաթաղի շրջանի Արիաւան (Աղաւնոյ համայնք) գիւղին մէջ ընթացքի մէջ է «ԱՐԻ» ներդրումային հիմնադրամի և Արցախի կառավարութեան միջև կնքուած պայմանագրով 12 նոր բնակելի տուներու շինարարութիւնը:

Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին յայտնած է Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան շինարարութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լևոն Հարոյեանը:

Քաշաթաղի վերաբնակեցման եւ Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով, 2009ին խումբ մը հայ գործարարներ հիմնադրեցին «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) – Artsakh Roots Investment (ARI)  ընկերութիւնը:

Գիւղը ունի մօտ 200 բնակիչ, դպրոցի աշակերտութեան թիւը՝ 30։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.