Արժանթինի խորհրդարանը յիշատակեց Հայոց Ցեղապանութեան ճանաչման օրէնքի 10-ամեակը

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Փրենսա Արմենիա» լրատուական գործակալութիւն).- Երկուշաբթի, 5 Յունիսին, Արժանթինի Խորհրդարանի «Փասոս Փերտիտոս» սրահին մէջ, Երեսփոխանական Պալատը յիշատակեց Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Թիւ 26.199 Օրէնքի 10ամեակը։ Միջոցառումը կազմակերպած էին Երեսփոխանական Պալատի նախագահ՝ Էմիլիօ Մոնսօ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Խորհրդարանական Բարեկամական Խումբի նախագահ՝ Ուալտօ Ուոլֆֆ, որ խօսք առաւ երեսփոխաններ Ռէմօ Գարլոթթոյի եւ Պրէնտա Օսթինի, ու Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Ժանիկ Քէչեանի կողքին։

Երեսփոխան Ուալտօ Ուոլֆֆ յայտնեց, որ «եթէ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի օրով աշխարհը հայ ժողովուրդին ողբերգութեան առջեւ երես չի դարձներ, հաւանաբար այսօր մենք ականատես պիտի չ՚՚ըլլայինք 20րդ դարու ընթացքին տեղի ունեցած այսքան մեծ թիւով ցեղասպանութիւններու»։ Ան աւելցուց թէ ինք հպարտ կը զգայ պատկանելու այս երկրին, որ միաձայնութեամբ քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ու հասկացողութիւն յայտնեց հայերու վրդովմունքին համար ժխտողական դիրքորոշումներուն առջեւ։

Իր կարգին, Գորտոպա Նահանգի ներկայացուցիչ Ռատիքալ Կուսակցութեան ներկայացուցիչ երեսփոխանուհի Պրէնտա Օսթին հաստատեց, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւանաբար ամենախիստ օրինակն է որ մինչեւ ո՛ւր կարող է հասնիլ պետութիւն մը որ կը ճնշէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ զայն ոտնակոխ կ՚ընէ»։ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը մեղսակցութիւն համարելով, երեսփոխանուհին յայտնեց թէ մեծ պատիւ կը զգայ տեղեակ ըլլալու միջազգային շրջանակներու մէջ Արժանթինի կողմէ այս ուղղութեամբ խաղցած դերի մասին։ Օսթին շեշտեց թէ «մեր երկիրը պէտք է պատուէ արդար դատերու հանդէպ իր յանձնառու աւանդութիւնը, ու շարունակէ թիկունք կանգնիլ Հայ Դատի հանդէպ, որպէսզի ան դառնայ Արժանթինի ու համայն մարդկութեան դատը»։

Ռէմօ Գարլոթթօ հպարտ յիշատակեց թէ ինք անձնապէս մաս կազմած էր 2006 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախածրագրի ի նպաստ քուէ տուող 165 երեսփոխաններու խումբին, աւելցնելով թէ «յոտնկայս ծափահարեցինք մարդկութեան առջեւ գերազանց նշան մը տալու կարելիութիւնը»։ «Ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր, Արժանթինը աւանդութիւն դարձուցած է որ պետականութեան երեք համակարգերը կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ առ այդ դիրք որդեգրած են։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք միշտ, որովհետեւ յիշողականութիւնը կենդանի պահելը առիթ կու տայ որ նման դէպքեր չի կրկնուին», ըսաւ Փերոնիսմօ փարա լա Վիքթորիա կուսակցութեան երեսփոխանը։

Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Ժանիկ Քէչեանը իր պատգամը սկսաւ ըսելով թէ այս միջոցառումը կը հաստատէր տասը տարիներ առաջ այս նոյն Խորհրդարանին կողմէ ստանձնած յանձնառութիւնը՝ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ «Հարկ է նշել թէ Թիւ 26.199 Օրէնքը շրջադարձելու, նուեզեցնելու կամ անտեսանելի դարձնելու փորձերուն դէմ հանդիման, Խորհրդարանը միշտ զորավիգ մնաց պատմական ճշմարտութեան կողքին»։ Քէչեան յիշատակեց օրէնքի նախնական աշխատանքները, նշելով նոյնպէս 1987 թուականի Սեպտեմբերին Նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Արժանթինի Խորհրդարանի Երեսփոխանական Պալատի ու Ծեռակոյտի ճանաչողական զանազան յայտարարութիւնները, նաեւ յիշեց 1995 թուականին Խորհրդարանին երկու պալատներուն կողմէ միաձայն ճանաչման օրէնքի մը նախագծի հաստատումէն ետք Նախագահ Գարլոս Մէնէմի վեթոն, հասնելով Օրէնքի հռչակման, 2007 թուականին, Նախագահ Նէսթոր Քիրչնէրի կողմէ, «քաջութիւն ցոլացնող քայլ մը, որ արդէն տասը տարի է մեզ առիթ կու տայ յիշատակելու Ապրիլ 24ը որպէս «Հանդուրժողականութեան եւ Ժողովուրդներու միջեւ Յարգանքի Օր», ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան»։

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Էսթէր Մկրտումեան, իր խօսքին մէջ հարց տուաւ եթէ «քաղաքակիրթ աշխարհարհը կրնայ ընդունիլ Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը, որ արդէն դարձած է պետական քաղաքականութիւն»։ Ան աւելցուց թէ «տասը տարիներ առաջ Արժանթինի Խորհրդարանը իր խօսքը յայտարարեց։ Արդէն տասը տարիներ է որ Արժանթինի մէջ այս հարցի մասին կասկած չկայ։ Օրէնքը պէտք է յարգուի ընկերութեան եւ պետութեան բոլոր խաւերուն կողմէ»։ Եզրափակելով, Մկրտումեան շեշտեց որ «1915 թուականէն սկսեալ, Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործադրուած ողբերգութիւնը եւ Արժանթինի հայ համայնքի օրինակելի կեանքը պատճառ դարձան ճանաչման յայտարարութեան, որ բարձր կը պահէ այս երկրին ու իր ընկերութեան»։

Ապա, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յուշանուէրներ յանձնեց Թիւ 26.199 Օրէնքի նախապատրաստական եւ ճանաչման ընթացքներուն հիմնական դեր ունեցած խորհրդարանականներուն՝ Ռաֆայէլ Պիէլսա, Հէրմէս Պիննէր, Գարլոս Ռայմունտի, Ֆէտէրիքօ Փինէտօ, Միկէլ Անխէլ Փիչէթօ, Ռուպէն Ճիւսթինիանի, Էրնէսթօ Սանս, Վիլմա Իպառա, Ակուսթին Ռոսսի եւ Լիլիանա Նէկրէ տէ Ալոնսօ։

Միջոցառման ներկայ գտնուեցաւ հոծ բազմութիւն մը, որոնց կարգին՝ Արժանթինի Արտաքին Գործոց նախկին Նախարար՝ Ռաֆայէլ Պիէլսա, նախկին դատախազ եւ Արդարադատութեան նախկին նախարար՝ տոքթ. Լէոն Գարլոս Արսլանեան, երեսփոխան տոքթ. Ռիքարտօ Ալֆոնսին, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ-նախագահ՝ ընկ. Մարիօ Նալպանտեան, Երեսփոխանական Պալատի Միջազգային Յարաբերութեանց Ընդհանուր Տնօրէն՝ Խուան տէ Տիոս Սինքունէկի, Բազմակարծութեան եւ Բազմամշակութայնութեան Ազգային Գրասենեակի տնօրէն՝ Խուլիօ Գրոչի, Լիբանանի Դեսպան՝ Անթոնիօ Անտարի, Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս՝ Էլէն Արզումանեան, Յունաստանի Հիւպատոս՝ Քրիստոս Չաթցոփուլոս, Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի նախագահի նախկին փոխանորդ եւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ Մարդկային Իրաւանց Գերագոյն Յանձնակատարի մասնագէտ՝ ընկ. Փետրօ Մուրատեան, , Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի նախկին նախագահուհի եւ Պուէնոս Այրէս քաղաքի նախկին երեսփոխանուհի՝ Մարիա Խօսէ Լուպէրթինօ, Աէրէօփուէրթոս Արխենթինա 2000 ընկերութեան նախագահ՝ Մարթին Էուռնէքեան, Ռիվէր Փլէյթ ֆութպոլի խումբի փոխ-նախագահ ու Աէրէօփուէրթոս Արխենթինա 2000 ընկերութեան տնօրէն՝ Մաթիաս Փաթանեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.