Արթուր Խաչատրեան. «Փաշինեան Իր Հետեւողական Քայլերով Կ՛ուղղուի Բանակի Կազմաքանդման»

«168 Թի. Վի.»-ի «Ռիվիու» հաղորդաշարին ընթացքին, խօսելով արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ իշխանութիւններու  յայտարարութիւններուն եւ դիմատետրեան գրառումներուն մասին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան տեսակէտ յայտնեց, որ Փաշինեանը արտահերթ ընտրութիւններու հարցը օրակարգ բերելով պարզապէս կը շեղէ մարդոց ուշադրութիւնը` ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Սիւնիքի, Զանգեզուրի հարցէն:

«Ինչ կը վերաբերի քաղաքական ուժերու հետ անոր հանդիպումներուն, ապա պէտք է ըսել, որ անոնք շարքային հանդիպումներ են, որովհետեւ Փաշինեանը արտահերթ ընտրութիւններու երթալ-չերթալու հարցը կրնար լուծել իր քաղաքական խմբակով, որ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն էր եւ, մեծ հաշուով, Գագիկ Ծառուկեանէն բան կախեալ չէ. Փաշինեանը ունի սահմանադրական մեծամասնութիւն», ըսաւ Խաչատրեան:

«Ւսկ եթէ որոշած է երթալ արտահերթ ընտրութեան, ապա անիկա փողոցի ճնշումին արդիւնքն է», ըսաւ Խաչատրեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դիրքորոշումը այդ պարագային. եթէ ի վերջոյ ընտրութիւններ տեղի ունենան, եւ անոնք կազմակերպէ Փաշինեանը, կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ, Գերագոյն մարմինի անդամը ըսաւ.

«Այդ հարցը մենք դեռ չենք քննարկած, հարցը մեր օրակարգին վրայ չկայ, երբ մտնէ օրակարգ, այն ժամանակ կը քննարկենք»:

Իսկ` ընտրութեան երթալու պարագային` առանձին պիտի մասնակցի՞ն, թէ՞ դաշինքով, Արթուր Խաչատրեան պատասխանեց.

«Ես չեմ հասկնար, թէ այդ հարցը ինչո՞ւ կը շրջանառուի: Կրնա՞ք յիշել դէպք մը, երբ մեր կուսակցութիւնը ընտրութեան մասնակցած ըլլայ դաշինքով: Այդ հարցը նոյնպէս դեռ չէ քննարկուած, վստահ, չեմ բացառեր` որեւէ բան փոխուի, բայց պատմական շարքին երբ նայիք, կը տեսնէք, որ ՀՅԴ-ն ընտրութիւններուն մասնակցած է միշտ առանձին: Այսօր հիմք չունիմ փոփոխութեան մասին խօսելու»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը անդրադարձաւ նաեւ բանակին, ընդհանուր հրամանատարին եւ առնչակից այլ հարցերու` նշելով, որ Փաշինեան իր հետեւողական քայլերով կ՛ուղղուի բանակի կազմաքանդման, ինչպէս որ կազմաքանդած է տնտեսութիւնը եւ պետական կառավարման համակարգը ամբողջութեամբ:

«Իսկ բանակի կազմաքանդումը պէտք է դիտարկել պետականութեան կործանման ծիրին մէջ», հաստատեց Խաչատրեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.