«Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է «Վարդօ» գծավէպը, արեւմտահայերէնով

(«Յառաջ») – 1915-ին սկսած եւ ցարդ շարունակուող արկածի մը հետքերուն կը հետեւի Վարդօ։ Առաջին աշխարհամարտի աղէտալի սեւ օրերուն, Անատոլուի արեւելքը, գիւղի մը մէջ, քոյր ու եղբայր Մարիամին ու Վարդոյին ճանապարհը կը խաչաձեւուի անծանօթի մը՝ Հասանին հետ։ Քրոջ ու եղբօր ընտանիքը «աքսոր» կոչուած մահուան ճանապարհորդութեան մը ուղարկուած են, եւ Հասանին մահամերձ հայրը իր զաւկէն կը խնդրէ, որ Մարիամն ու Վարդօն հասցնէ ապահով ապաստարան մը։ Այն օրերուն, երբ Հայերուն կալուածներն ու իրերը կը կողոպտուէին եւ իրենց կեանքը ղրուշ մը իսկ չէր արժեր, Հասան իմաստ մը չի կրնար վերագրել հօր համարձակ պահանջքին եւ ակամայ կը ձեռնարկէ այդ վտանգներով լեցուն ուղեւորութեան, որու ընթացքին կը տարուբերի բարկութեան ու ողորմութեան զգացումներու միջեւ։ Մարիամ ու Վարդօ, որոնք իրենց հասակէն բարձր զարգացումներու հետեւանքով ցնցուած կեանքերնուն սանձերը հարկադրաբար յանձնած են Հասանին, թէ՛ զիրենք եւ թէ Հասանը հոգեփոխութեան ենթարկող այս անապահով ուղեւորութեան ժամանակ կ՚որոնեն ապրելու եւ իրենց հարազատներուն հասնելու միջոցները։ Ընթերցողը, մինչ կը թերթէ անակնկալ զարգացումներու շնորհիւ միշտ հետաքրքրութեամբ ընթացող էջերը, շնչասպառ կը հետեւի նաեւ ճակատագրակից այս երրեակի պատմութեան, որ կը հասնի մինչեւ մեր օրերը՝ դուրս ելլելով Թուրքիոյ սահմաններէն։

«Վարդօ», որ գնահատանքի արժանացած է գծավէպի յառաջատար երկիրներէն մին նկատուող Ֆրանսայի մէջ, կը համարձակի բանալ Անատոլուի տարածքին հազարաւոր անգամներ կրկնուած ցաւոտ ու արիւնալի գաղտնիքի մը սեւ արկղը։

«Վարդօ»-ի համահեղինակներն են Կորիւն Ափրիկեան եւ Ժան-Պլեզ Ճիան. նկարազարդումը կատարած է Ստեփան Թորոսեան. ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է Թովմաս Թէրզեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.