Արամ Ա. Վեհափառ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան կը շնորհէ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի բարերար Կարօ Տոնոյեանին

Տէր եւ Տիկին Կարօ Տօնոյեանները Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի արդիականացման եւ վերանորոգման համար նուիրեցին $250,000

Շաբաթ, 1 Ապրիլ 2017-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթին։

Ճաշկերոյթի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ գնահատեց Վարժարանի բոլոր բարերարները, պատասխանատուները, կրթական մշակները եւ Ճաշկերոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբը։ Շեշտեց Հայ Դպրոցի առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ ան ըսաւ. «Հայ Դպրոցը այն առողջ մթնոլորտն է, ուր հայ պատանիին մէջ կ՚արթնցնէ այն գիտակցութիւնը, որ ինք հայ ազգի զաւակ է, ունի լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ, որուն տէրը եւ պահապանը պիտի ըլլայ։ Մէկ խօսքով, Հայ Դպրոցը գրաւականն է վաղուան առողջ եւ գիտակից սերունդներու ապահովման»։

Իր խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը գնահատեց բոլոր նուիրատուները, որոնք տասնեակ տարիներէ ի վեր Հայ Դպրոցը կանգուն կը պահեն։

Այս առիթով, մասնաւորաբար գնահատեց Տէր եւ Տիկին Կարօ Տօնոյեանները, որոնք դպրոցի արդիականացման եւ վերանորոգման համար նուիրեցին $250,000։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս յայտարարեց, թէ ընդառաջելով իր խնդրանքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան կը շնորհէ Պրն. Կարօ Տոնոյեանին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.