Արամ Ա. Վեհափառի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ խորհրդակցութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 2-ին հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունած է բռնարարքներէ հեռու մնացած եւ Հայաստանէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու ձգտող ժողովրդային շարժումը, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնած է Փաշինեանին, որ սահմանադրական ճամբով ու համախոհական ոգիով կը փորձէ երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերել։

Նորին Սրբութիւնը ըսած է, թէ ներկայ ճգնաժամային կացութեան շարունակումը ահաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանին՝ ցնցելով անոր պետականութեան հիմքերը։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտած է, որ անհրաժեշտ է կարելի փութով լուծման ճամբաներ որոնել՝ փոխադարձ հասկացողութեան ու հանդուրժողութեան ոգիով՝ միշտ մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ու մեր ազգին գերագոյն շահերէն։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը Հայաստանը ներկայ կացութենէն դուրս բերելու ձգտող եւ քաղաքական լուծման առաջնորդող իր պատկերացումը փոխանցեց Տիար Փաշինեանին։ Այս ուղղութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի շարունակէ իր աշխատանքը։

Յայտնենք, որ այսօր Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնին խօսակցութիւններ ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Արցախի Հանրապտութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.