Արամ Ա. Կաթողիկոս իշխանի շքանշանով կը պարգեւատրէ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատեսը

Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատեսը։

Պարգեւատրումէն առաջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան եւ Նախագահին միջեւ՝ ներկայութեամբ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմող ազգային բարերար՝ Հրայր Սարգիսեանի եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայութեան, Լիբանան-Կիպրոս յարաբերութեան, հայ ու կիպրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։

Ապա՝ նախագահն ու Հայրապետը ուղղուեցան դէպի նախագահական ապարանքին կից գտնուող հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ հայկական մշակութային երեկոյ ներկայութեամբ՝ Խորհրդարանի Նախագահին, Կիպրոսի մօտ զանազան երկիրներու դեսպաններու,  երեսփոխաններու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ աւելի քան 500 կիպրահայերու։

Մշակութային ձեռնարկէն առաջ, յաջորդաբար խօսք առաւ փոքրամասնութեանց նախարարը, որ նախագահին անունով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին, պաշտօնական հիւրերուն եւ Կիպրոսի հայ համայնքին։ Խօսք առաւ նաեւ կիպրահայութեան ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Կիպրոսի կառավարութեան՝ հայ համայնքին կրթական ու գաղութային ծրագիրներուն ցուցաբերած նեցուկին համար։

Վերջապէս, խօսք առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի Բառնաբաս առաքեալին կողմէ քրիստոնէութեան հունտը ցանուած Կիպրոսի օրհնեալ հողին վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Կիպրոսի կարեւոր դերին Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան, յատկապէս տնտեսական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ հայ ու կիպրացի ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակներէն սկսեալ, որ այսօր եւս կը շարունակուի շրջանային ու միջազգային հարցերու նկատմամբ որդեգրուած միացեալ կեցուածքներու ու մօտեցումներու ճամբով, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։ Անդրադառնալով ներկայ աշխարհը, մանաւանդ Միջին Արեւելքը դիմագրաւող խնդիրներուն, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ՝ թէ կը մերժենք բռնատիրական միջոցներով ու զէնքի ոյժով կացութիւններ պարտադրելու մօտեցումները եւ անարդար գրաւումներու օրինականացումը՝ ինչպէս թրքական բանակին կողմէ Կիպրոսի գրաւումը եւ Երուսաղէմի հռչակումը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Կիպրոսի նախագահին ու կառավարութեան ցուցաբերած հոգածութեան եւ որպէս իր սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն, Հայրապետը նախագահին պարգեւատրեց «Կիլիկիեան Իշխան»-ի շքանշանով։

Շքանշանը ստանալէ ետք խօսք առաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը, որ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյն ու յարգանքին համար։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կիպրահայ համայնքի զաւակներուն՝ զանոնք նկատելով պարկեշտ ու աշխատասէր անդամները Կիպրոսի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ վեր առաւ կիպրահայերուն մասնակցութիւնը Կիպրոսի յառաջդիմութեան ու զարգացման աշխատանքներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.