Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը
1619
0
Երկուշաբթի, 24 յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին տեղեակ պահեց Համազգայինի աշխատանքներուն մասին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, յատկապէս պարզելով Համազգայինի ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի գործունէութեան նկատմամբ` յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է անոր աշխատանքներուն` նախանձախնդիր ըլլալով մեր ժողովուրդի մշակութային ու կրթական արժէքներու պահպանման ու առաւել ծաղկման: