Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը «Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդ»ի պատուիրակութեան

10 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց «Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդ»ը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անձերէն.- Քրիստոֆըր Հիլ եպիսկոպոս՝ նախագահ խորհուրդի, մեթրոպոլիտ Էմմանուէլ ու Քարին Պըրս Թրէնտ եպիսկոպոս՝ փոխ-նախագահներ եւ Դոկտ. Հայքի Հիւթընըն՝ ընդհանուր քարտուղար։

Այցելութեան նպատակն էր իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող խնդիրներուն շուրջ։ Հայրապետը իր մտածումներն ու արժեւորումը փոխանցեց ներկաներուն՝ յատկապէս շեշտելով եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անոնց կրթական ու ընկերային ծրագիրներուն օժանդակելու եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամուր հիմերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ առաջարկեց Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու խորհուրդներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը։

Յայտնենք, որ հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։

Վեհափառ Հայրապետին հետ իրենց ունեցած երկար հանդիպումէն ետք, հիւրերը այցելեցին Մայր Տաճար, Սրբոց Նահատակաց մատուռ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթող եւ իրենց խոր տպաւորութիւնը բաժնեցին ներկայ միաբան հայրերուն հետ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.