Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը Սակարկութեան Նիւթ Չի Կրնար Դառնալ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ շեշտած է, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար սակարկութեան նիւթ դառնալ:

«Ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային օրէնքի անբաժան մասը կը կազմէ: Հետեւաբար, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ», գրած է վեհափառ հայրապետը, ապա այլ գրառումով մը աւելցուցած. «Համաձայն միջազգային իրաւունքի, ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք, ուստի Արցախի ժողովուրդը իր դարաւոր հայրենիքին մէջ ինքնորոշման իրաւունք ունի»:

Comments are closed.