Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակ

2020 թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով նշելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը:

Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ նոյն Ժողովի անդամ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան. Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Տիար Գրիգոր Մահսերեճեան եւ նոյն Ժողովի անդամ Տիկ. Սեդա Խտըշեան:

Յանձնախումբը յառաջիկային պիտի ճշդէ Վեհափառ Հայրապետին 25-ամեայ գահակալութեան առիթով կատարուելիք նախաձեռնութիւնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.