Արամ Ա․Կաթողիկոսը Վերահաստատեց Անթիլիասի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Սուրիոյ Հայութեան

Արամ Ա. վեհափառը Օգոստոս 25-ին հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանին հետ, մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով։ Առաջնորդ սրբազանը կաթողիկոսին զեկոյց մը տուաւ համաճարակին եւ տնտեսական կացութեան հայ կեանքէն ներս յառաջացուցած հետեւանքներուն մասին։

Վեհափառ հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ համաճարակով վարակուած հայորդիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է եւ շատեր առողջացած են, սակայն տնտեսական տագնապը տակաւին կը շարունակուի: Այս առիթով, սրբազանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վերջին շրջանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սուրիահայութեան կատարուած օժանդակութեան համար:

Կաթողիկոսը, իր կարգին, անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է իր աջակցութիւնը ընծայելու բոլոր շրջաններէն ներս հաստատուած Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.